ՊՈԼԻՍ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Մայիս 1ին, Աշխատաւորութեան միջազգային օրուան առիթով Պոլսոյ մէջ կայացած այս տարուան ցոյցերը անգամ մը եւս առաջնորդեցին ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ բախումներու, որոնց ընթացքին վիրաւորուեցան շարք մը ցուցարարներ եւ ոստիկաններ, ինչպէս նաեւ ձերբակալուեցան մօտաւորապէս 1560 ցուցարարներ։ Բախումներ սկսան, երբ ցոյցին մասնակիցները փորձեցին մուտք գործել «Թաքսիմ» հրապարակ, որ նախօրօք փակուած էր ոստիկանական պատնէշով: Նշենք, որ այդ հրապարակին վրայ 1997ի Մայիս 1ին տեղի ունեցած ցոյցին ընթացին սպաննուած էին 34 ցուցարարներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.