Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Երկուշաբթի օր Թեհրանի մէջ ընդունեց իր քուպացի պաշտօնակից Միկել Տիազ Քանելը, կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:
Քուպայի նախագահ Թեհրան կ՛այցելէ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ բանակցութիւններ վարելու Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Միկել Տիազ Քանելի Թեհրան այցելութիւնը առաջինն է Քուպայի հանգուցեալ նախագահ Ֆիտել Քասթրոյի` շուրջ 23 տարի առաջ Իրան կատարած այցելութենէն ետք: