ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 21ի առիթով յագեցուցինք ազգային հպարտութեան եւ հաւաքական ինքնավստահութեան զեղուն ապրումներով գինովնալու մեր արդար պահանջն ու իրաւունքը։
Ի վերջոյ ամէնուրեք, աշխարհի չորս ծագերուն, Անկախութեան տարեդարձը ցնծութեան եւ ուխտի վերանորոգման տօնական առիթ է բոլոր ազգերուն եւ ժողովուրդներուն համար։
Անկախութեան տօնը այդպիսի՛ն է մանաւանդ հայ ժողովուրդին օրինակով հնաւանդ ազգի մը համար, որ հազարամեակներ ազատ ու անկախ ապրելէ ետք, արդի ժամանակներուն աւելի քան եօթը դար օտարներու լուծին տակ ապրեցաւ… Կոտորուեցաւ եւ կոտորակուեցաւ, նոյնիսկ ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրեցաւ, բայց արիւնլուայ եւ ուժաքամ վիճակով անգամ շարունակեց դիմադրել ու պայքարիլ, մինչեւ որ իր բազուկի ուժով եւ հերոսական իր զաւակներու ծով արեան գնով՝ 28 Մայիս 1918ին յաղթեց ոսոխին եւ յաջողեցաւ տիրանալ իր ազատութեան ու անկախութեան։
Այո՛, Անկախութեան տարեդարձը հաւաքական ուժի եւ անկոտրում կամքի վերանորոգման կազդուրիչ նշանակութիւնը ունի յատկապէս հայ ժողովուրդին համար, որ միայն երեք տարի կրցաւ ըմբոշխնել 1918ի իր ազատութիւնն ու անկախութիւնը։ Թուրքեւխորհրդային սադրանքի հետեւանքով՝ հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր պետական անկախութիւնն ու ազգային ազատութիւնը եւ այնուհետեւ, շուրջ եօթանասուն տարի, ցմրուր ճաշակեց խորհրդային ամբողջատիրութեան չարիքի կայսրութիւնը, մինչեւ որ Փետրուար 1988ին, իր ուժերու վերջին լարումով, շրջեց պատմութեան անիւը եւ Արցախեան ազատամարտի բովին մէջ նուաճեց ազգի ու հայրենիքի պետական վերանկախացումը։
Այս բոլոր առումներով՝ հայ ժողովուրդին համար Սեպտեմբեր 21ի տարեդարձը սոսկ պատմական աւանդի մը կամ արդէն անցեալին պատկանող աւարտուն նուաճումի մը տօնը չէ։
Որքան ալ արդար ու հիմնաւոր ըլլայ Անկախութեան տօնով գինովնալու հայ մարդուն մղումը, Սեպտեմբեր 21ի տարեդարձը Անկախութեան տօնախմբութենէն անդին անցնող բովանդակութիւն եւ նշանակութիւն ունի մեր ժողովուրդին համար։
Անկախութեան տարեդարձէն ու տօնէն անդին՝ մենք ունինք նոյն այդ անկախութեան կռուանով ազգի ու հայրենիքի ամբողջականութեան վերականգնումի սրբազան օրակարգը։
Հայուն համար Անկախութեան տօնը հանգիստ շունչ քաշելու իր ընդհանրական եւ օրինաչափ իմաստէն շատ աւելին կը նշանակէ։
Անկախութիւնը վախճանական կայան կամ կանգառ չէ հայուն համար, այլ ազգովին շունչ քաշելու, ուժերը հաւաքելու եւ նորովի թափով յառաջ նետուելու յենակէտ է։
Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրութեան երթի վերանորոգման անփոխարինելի խթանն է անկախութիւնը։
Արդէն 24 տարուան ուղի կտրած է Հայաստանի անկախութիւնը՝ ոստումներու եւ ընկրկումներու, յաջողութեանց եւ ձախողութեանց, ձեռքբերումներու եւ բացթողումներու հսկայական կենսափորձով։
Այդ բոլորին հաշուեկշիռը կատարելու հրամայականը եւ, այդ հիման վրայ, վաղուան համար անհրաժեշտ դասերու ընդգծումը անկասկա՛ծ հիմնական կարեւորութիւն ունի։
Բայց նոյնինքն այդ հաշուեկշիռին համար նախապայման է, որ Անկախութեան տարեդարձէն ետք եւ տօնէն անդին՝ առաջնահերթաբար պատասխանը տանք պարզագոյն եւ միակ հարցականին, թէ մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի մսխումը… անկախութեան։
Մինչեւ ո՞ւր պիտի շարունակուի ժողովուրդին եւ պետութեան միջեւ խորթացումը, որ անվերջ կը կրծէ եւ կը ջլատէ ուժականութիւնը ազատ ու անկախ Հայաստանի։
Մինչեւ ի՞նչ աստիճանի պիտի խորանան փտածութիւնն ու խաթարուածութիւնը կառավարման այս համակարգին, որ անկախութեան դրօշով կը պարտադրուի մեր ժողովուրդին՝ այսպէս կոչուած «ժողովրդավարական», «ազատ» ու «թափանցիկ» քուէարկութեանց ճամբով։
Աւելի՛ն. թէ՛ ժողովուրդով եւ թէ պետականութեամբ՝ պատանդ ինկած ենք ձեռքը մեր ծոցէն ծնած եւ մեր կաթով սնած «իշխող նոր դասակարգ»ի մը, որուն կազմաւորման, յղփացման եւ բռնիշխանութեան տրամաբանութիւնը միայն յետ-խորհրդային հասարակապետութեան օրինաչափութիւններով կրնայ բացատրուիլ։
Բայց արդէն մեր ժողովուրդը յոգնած է բացատրութիւններէն։
Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի մսխումը… անկախութեան, որուն համար այնքան թանկ գին վճարեցինք ազգովին եւ որուն երազով՝ բաց աչքերով անթաղ մնացին սերունդներ։