ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին, համաճարակի բնոյթ ստացած են ոստիկան-սեւական արիւնալի միջադէպերը, եւ օր չ՛անցնիր, որ տեղական զանգուածային լրատուամիջոցները չանդրադառնան ընդհանրապէս աֆրո-ամերիկացի պատանիներու եւ ոստիկան ուժերուն միջեւ պատահող ընդհարումներու եւ արիւնալի բախումներու, որոնց անմեղ զոհերը ընդհանրապէս անզէն սեւականները կը հանդիսանան՝ յաճախ զոհ երթալով երկուստեք տիրող անհանդուրժողութեան ու թիւրիմացութեան։
Ցաւին արմատը յայտնաբերելը մեզմէ սպառիչ ու դժուարին ճիգ պիտի պահանջէր: Սակայն երկու կողմերուն միջեւ տիրող անհանդուրժողութեան մթնոլորտը, որուն իրազեկ կը դառնանք առօրեայ մեր շփումներուն ընթացքին, բաւական թափանցիկ ու ակնյայտ կը դարձնէ ներկայիս տիրող անբաղձալի գոյավիճակը։
Տիրող անբաղձալի վիճակին համար կարելի չէ միայն ոստիկանական ուժերը այպանել, կամ՝ ներկայ բախումներուն տաքարիւն, նախատրամադրուած եւ յաճախ ցեղակիցներու դառնութիւնները իրենց ենթագիտակիցին մէջ կրող պատանի զոհերը։ Ամերիկեան հասարակութեան էութեան մէջ տեղ շինած կասկածանքի ու անվստահութեան ցաւալի այս խոցը իր արմատները խրած է տասնամեակներու խորքը, ուր սեւականը յաճախ դիւրին պատառ հանդիսացած է իրենց շուքէն սարսափող ոստիկանական գերզգայուն ուժերուն համար։ Այս վերջիններուն մօտ արմատացած է կասկածանքի այն նախադրեալը, թէ ամէն սեւական, յատկապէս անհայր մեծցած փողոցի անչափահաս պատանիները զինուած ման կու գան, ու նուազագոյն գրգռութեան պարագային՝ պիտի կրակեն ապահովութեան ուժերուն վրայ: Տիրող ներկայ իրավիճակը իրարու հանդէպ քիչ մը չափազանցուած անվստահութեամբ պիտի բացատրուէր անկախ դիտորդի ու վերլուծաբանի մը կողմէ: Երկար տարիներ Ափրիկէի խորերը ապրած ըլլալով՝ կրնանք բացայայտօրէն վկայել, թէ խորքին մէջ սեւամորթը իր էութեան մէջ բրտութիւն չի՛ կրեր: Օր մը օրանց բնիկ մը մեր վրայ ձեռք չէ բարձրացուցած… ո՛չ ալ երթեւեկութեան հսկող ոստիկան մը ատրճանակով սպառնացած է մեր շրջապատի մարդկանց։
Փոխարէնը, ԱՄՆի սեւականներուն մօտ կը տիրէ այն հոգեվիճակը, թէ իրենք դիւրին պատառ հանդիսացած են նախապաշարուած ու սեւատեաց սպիտակամորթ ոստիկանին համար, եւ անոր աչքին իրենց կեանքը ճանճի չափ իսկ արժէք չունի: æղագրգիռ մեր ոստիկանութիւնը բնութագրելու համար, տեղացին խօսք մը ունի՝ «Trigger happy», զոր այս փորձագրութեան երկայնքին՝ «բլթակամոլ» կամ «բլթակահաճ» պիտի թարգմանենք: Իր գործելակերպին ու մտայնութեան մէջ, տեղացի ոստիկանը դիւրագրգիռ է եւ ընդհանրապէս՝ «սատիստ»ական:
Ներկայ փորձագրութեան տուն տուող պատահարը անցեալները պատահած դէպքն է, որ միւսներուն հետ բաղդատած՝ ծիծաղելի կը թուի: Արդարեւ, 14 տարեկան սեւ ուսանողուհին անկարգութիւն կը կատարէ դասասրահին մէջ ու կը մերժէ ենթարկուիլ ուսուցչուհիին եւ ապա՝ տնօրէնուհիի հրահանգներուն: Քիչ ետք դպրոցի պահակ ոստիկանը դասասրահ կը հրաւիրուի՝ ըմբոստ աղջիկը զգաստութեան հրաւիրելու եւ դասարանէն դուրս հանելու: Աղջկան համեցող դիմադրութիւնը կը սրդողեցնէ առանց ատոր ալ արդէն համբերութիւնը հատած ու նախատրամադրուած անկլօ-ոստիկանը, եւ այս վերջինը «շան պէս» քաշկռտելով հէգ ուսանողուհին՝ դասասրահէն դուրս կը շպրտէ, իսկ այդ պատահարը ուսանող մը գաղտնօրէն նկարահանելով՝ հրապարակ կը հանէ ոստիկան էֆէնտիին գործադրած անմարդկային, անխի՛ղճ արարքն ու մատ մը աղջկան հանդէպ ցուցաբերած դաժան վերաբերմունքը:
Մենք երբե՛ք դէմ չենք եղած օրէնքի անսայթաք սակայն բարեխիղճ գործադրման: Բայց եթէ պահ մը ենթադրենք, թէ այդ պահուն, ուսանողուհին մտային խանգարում ունեցած ըլլար կամ՝ հոգեկան տագնապի ենթարկուած… Ինչո՞ւ մարդկայնօրէն չվերաբերիլ 14 տարու ենթադրեալ խանգարուածի մը հետ: Երանի այս մէկը հերթական մէկ շարունակութիւնը չհանդիսանար ոստիկանութեան կողմէ կիրարկուող արդէն իսկ «deja vu»ի տարազ հագած բիրտ վերաբերմունքի մը: Գուցէ ներկայ դէպքը այնքան սրտիս չառնէի, եթէ Կլենտէյլի մօտակայքը անձամբ ճաշակած չըլլայի ոստիկանութեան կողմէ գործադրուած անտեղի նուաստացման ու անարգանքի իմ բաժինը:
Ամփոփ պատմեմ եղելութիւնը:
Յետմիջօրէ մը, կողակիցիս հետ գացի 7 տարու մեր թոռնիկը դպրոցէն վերցնելու: Առաջին անգամն էր որ կրթական այդ հաստատութիւնը կը խիզախէի: Կինս իջաւ կառքէն ու գնաց ներսէն փոքրիկը բերելու, եւ քանի որ մեքենաս կանգնեցնելու տեղ չկար, րոպէ մը միայն դպրոցին դիմացի արգելեալ կարմիր մայթին երկայնքին շարեցի մեքենաս ու առանց շարժիչը մարելու՝ սպասեցի, որ մեկնող ծնողքի մը տեղը գրաւեմ: Հոն կանգնող ոստիկանական մեքենան իմ կողմս շարժեցաւ: Անդրադառնալով գործած սխալիս՝ ես ալ շարժեցայ ու գացի անկարներու յատկացուած յատուկ տեղը կանգնեցուցի մեքենան: Պարոն ոստիկանը, ըստ իր ընկալման՝ «նեխածի» հոտ առած ըլլալով… եկաւ ու մօտս կանգնեցուց մեքենան, ապա հրահանգեց, որ կառքէն վար իջնեմ: Ինքն ալ իջաւ, սակայն աջ ձեռքը՝ ատրճանակին։
– Գիտե՞ս, որ օրէնքը խախտեցիր,- ըսաւ՝ շնական խիստ արտայայտութիւնը դէմքին։
– «Այ ըմ սոռի օֆիսըր», կնոջս եւ թոռանս կը սպասեմ… ու կը տեսնէք, որ կանգնելու տեղ չկայ։
– Անկարներու յատուկ տեղը շարած ես մեքենադ եւ առանց արտօնագիրի։
– «Սոռի օֆիսըր», աճապարանքիս մէջ մոռցեր եմ արտօնագիրս կախելու, պատասխանեցի ու դէպի մեքենաս շարժեցայ սխալս շտկելու։
– «Տո՛նթ մուվ», եղած տեղդ անշա՛րժ կանգնէ՛,- սաստեց ան տիրական ձայնով։
Մեր շուրջը հաւաքուած երիտասարդ մայրերը ցոյց տալով՝ ըսի.
– Պարո՛ն ոստիկան, կը խնդրեմ մարդոց առջեւ զիս մի՛ նուաստացնէք, եթէ յանցանք գործած եմ, ապա կը խնդրեմ տուգանեցէք զիս, այո՛, «թիքե»չ գրեցէ՛ք…
Դարձեալ զէնքը շարժելով՝ սպառնագին պարոնը սաստեց զիս.
– «Այ ըմ թելլինկ եու տո՛նթ մուվ» (կը կրկնեմ՝ տեղէդ չշարժիս)…
Կարծէք Ամերիկան կործանել փորձող Պըն Լատենը ըլլայի…
Պաղարիւնութիւնս կորսնցուցի ու արիւնը գլուխս խուժեց: Ջղայնութենէս սկսայ դողալու, ճիշդ այն սեւականներուն նման, որոնք հանրութեան առջեւ կը նուաստացուին: Ես, որ մեծահասակ եմ, եթէ այդ պահուն դիմացս կանգնող ոստիկանը բզիկ-բզիկ ընելու փորձութիւնը ապրեցայ, հապա այդ տաքարիւն սեւ պատանին կամ հազար անգամ գլուխէն կերած նոյն ցեղին պատկանող երիտասարդ աֆրօն ի՞նչ պիտի զգար, կամ ինչպէ՞ս պիտի հակազդէր…
Տարբեր երկրամասերու վրայ ամէն գոյնի ու ցեղի ոստիկաններու հետ առնչուած ըլլալով՝ նկատած ենք, որ անոնք յաճախ բարեհամբոյր ու կիրթ վերաբերմունք ցոյց տուած են, մասնաւորապէս երթեւեկութեան յանցանք գործած քաղաքացիներու հանդէպ: Այդ ուղղութեամբ, ամերիկեան ոստիկանութեան բիրտ վերաբերմունքը եզակի կարելի է համարել ու անարդարանալի։
Ըսէ՛ք, ո՞վ զգաստութեան պիտի հրաւիրէ բլթակապաշտ մեր ոստիկանութիւնը, որպէսզի անիկա սկսի՝ առանց բացառութեան, մարդկային իր երեսը ցոյց տալու իր հայրենակիցներուն: Ո՞վ պիտի վերահաստատէ ու փարատէ իրարատեաց խմբակցութիւններուն միջեւ խորացող անվստահութիւնը: Ներկայ տագնապին լուծումը, առնուազն՝ մեղմացումը, կարիք ունի արմատական լուրջ աշխատանքի, որուն պէտք է անյապաղ ձեռնարկեն պատկան իշխանութիւններն ու անոնց յարակից մարմինները: Գուցէ տատասկներով լեցուն երկար ճանապարհ մը պիտի ըլլայ մեզի սպասողը, սակայն պէտք է անյապա՛ղ ընդառաջել ներկայ դժուարին մարտահրաւէրին: Պէտք է մեր ոստիկան ուժերը ձերբազատուին կամ բուժուին զիրենք տանջող «փարանոյտ» մտայնութենէն կամ «սքիթսոֆրենիա»էն: Այլապէս, գալիք օրերուն անստուեր պիտի չըլլան գեղեցիկ այս երկիրի էթնիք խմբաւորումներու փոխյարաբերութիւնները…
Երկրէն ներս տիրող զէնքերու եւ եղծանիչ նիւթերու (drugs) առատութեան մէջ, տակաւին ինչպիսի՞ երկնաւոր հրաշքի կը սպասեն մեր երկրի քաղաքական ղեկավարները։
Գուցէ հարց տրուի, թէ ինչպէ՞ս վերջացաւ ոստիկան-Գուբելեան բախումը:
Ո՛չ, իրարու քիթ-բերան չջարդեցինք… Կ՛երեւի, թէ ան անդրադարձաւ ինչպիսի՛ «ճանավար» (հրէշային արարած) ըլլալուս: Կատակը մէկդի: Վարորդի տետրիս միջոցով անցեալս պրպտելէ ետք, շնորհ ըրածի պէս ան թոյլ տուաւ, որ մեքենայիս հայելիէն կախեմ անկարներու արտօնագիրը ու հարազատներուս վերադարձին սպասեմ։
Ասոր հետ մէկտեղ, մինչեւ օրս ամբողջ մարմինով կը դողամ, երբ վերյիշեմ նորին վսեմութեան պարոն ոստիկանին կողմէ հասարակ ոճրագործի տեղ դրուիլս եւ անոր ձեռքով՝ հրապարակաւ կրած նուաստացումս…