Շաբաթ, 19 Դեկտեմբերին, Վալանսի քաղաքային թատրոնին մէջ հանրութեան ներկայացուեցաւ Հայկական ժառանգութեան կեդրոնի (Centre du Patrimoine Armenien-CPA) ընդլայնման նախագիծը:
Խօսք առին CPA-ի նախագահ Լոր Փիաթօ, Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոն, Պուր-լէ-Վալանսի քաղաքապետ Մատլէն Մուրիէ, Վալանսի քաղաքապետարանի համայնքային հարցերու խորհրդական Անի Ռոմի-Քուլաքսըզեան, նահանգային խորհրդական Վերոնիք Փիւժա:
2005ին հիմնուած Հայկական ժառանգութեան կեդրոնը, որ ներկայիս կը տարածուի 450 քառ. մ. մակերեսի մը վրայ, այս նոր նախագիծով՝ 2017ի աշունէն սկսեալ պիտի տիրանայ 650 քառ. մ. յաւելեալ մակերեսի:
Ճարտարապետ Իան Ֆոնթէն մանրամասնօրէն ներկայացուցած է յատակագիծը: Այսպէս, CPA-ը պիտի ունենայ 100 հանդիսականներու համար նախատեսուած լսարան մը, առժամեայ ցուցահանդէսներու համար 200 քառ. մ. տարածութեամբ սրահ մը, ընդունելութեան եւ կրպակներու համար նախատեսուած 100 քառ. մ. մակերեսով մուտք մը, ինչպէս նաեւ հանրութեան մատչելի դարատափ (terrasse) մը:
Այս նախագիծին իրագործումը պիտի արժէ 2.1 միլիոն եուրօ, որ պիտի տրամադրուի պետութեան, Ռոն-Ալփեան շրջանին եւ Տրոմի Նահանգային խորհուրդին կողմէ:
Հայկական ժառանգութեան կեդրոնը, որ ամէն տարի շուրջ 10,000 այցելուներ կ՛ընդունի, զգալիօրէն պիտի կարենայ բարձրացնել իր տարողութիւնը: Ճարտարապետները նոր բաժինի ճակատի յղացման գործին մէջ լայնօրէն ներշնչուած են հայկական աւանդական ճարտարապետութենէն, գլխաւորաբար խաչքարերէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.