ՊՈԼԻՍ.- Պաշտօնական այցով Յունաստան գտնուող Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եալոն իր ձայնը միացուցած է Թուրքիան ամբաստանողներուն՝ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ անոր կապերուն պատճառով։
Թրքական «Զաման» թերթը կը գրէ, թէ Եալոն յայտարարած է, որ «Իսլամական պետութիւն»ը «երկար ժամանակէ ի վեր կը վայելէ քարիւղի դիմաց Թուրքիայէն ստացած գումարները»՝ միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ այս ապօրինի առեւտուրին վերջ կը տրուի։