Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրուած 18րդ «Մէկ Աշխարհ» (ONE World) միջազգային վաւերագրական ֆիլմերու փառատօնին այս տարի 13 անուանակարգերու մէջ պիտի ցուցադրուին 123 ֆիլմեր 62 երկրներէ: Փառատօնը պիտի կայանայ Մարտ 7էն 16, Փրակի մէջ:
Ֆիլմերը պիտի ցուցադրուին Չեխիոյ 34 քաղաքներու, նաեւ Պրիւքսէլի մէջ: Այս տարի տեղի պիտի ուենան նաեւ քննարկումներ եւ պիտի ցուցադրուին ֆիլմեր դպրոցական տարիքի երեխաներու համար:
Առաջին անգամն ըլլալով փառատօնին իր ֆիլմը պիտի ներկայացնէ 30ամեայ սուրիահայ բեմադրիչ Աւետիս Գաբրիէլեան: Ան իր «Առանց Դռներու Տուները» ֆիլմը քանի մը տարիներու ընթացքին նկարահանած է Հալէպի մէջ՝ ցոյց տալով պատերազմի դէմքը: Նկարահանումները կատարած է իրենց տան պատշգամէն: Ֆիլմը այս տարի ցուցադրուած է նաեւ Պերլինի փառատօնին: Աւետիսը պիտի ըլլայ փառատօնի 100է աւելի հիւրերու շարքին:
Փառատօնին տեղի պիտի ունենան 26 ֆիլմերու համաշխարհային անդրանիկ ցուցադրութիւնները, նաեւ պիտի կը ներկայացուին այս տարուան ամերիկեան «Օսկար»ին առաջադրուած երեք ֆիլմեր:
Նշենք, որ միայն անցեալ տարի Կեդրոնական Եւրոպայի ամենամեծ վաւերագրական ֆիլմերու փառատօնին՝ «Մէկ Աշխարհ»ի, ֆիլմերը դիտած է 123 հազար մարդ: