ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Յունաստանի Սալոնիք քաղաքին մէջ 4-8 Յուլիսին տեղի ունեցած Ուղղափառ երեսփոխաններու 23րդ միջխորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ որդեգրուած է յայտարարութիւն մը, որ կը վերաբերի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին: Վեհաժողովին մասնակցած Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Մկրտիչ Մինասեանն ու Արագած Ախոյեանը նման յայտարարութեան որդեգրումը նկատած են մեծ ձեռքբերում: Յայտարարութիւնը միաձայնութեամբ ընդունած են 27 երկիրներու երեսփոխաններ։
ՀՀԿի անդամ Մ. Մինասեանը ըսած է, որ Հայաստան արդէն 23 տարի է կը մասնակցի վեհաժողովի աշխատանքներուն, անիկա կը նկատուի հիմնադիրներէն։ «Վեհաժողովի որոշումներն ուղարկւում են ՄԱԿ», աւելցուցած է ան։
Պատգամաւորներուն համաձայն՝ իրենք վեհաժողովի մասնակիցներէն խնդրած ու պահանջած են, որ դէպքերուն տրուին յստակ ու հասցէագրուած գնահատականներ:
«Մենք բաւականին երկար աշխատեցինք յայտարարութեան վրայ: Ես մեծ վերաբերմունք զգացի յոյների կողմից, որոնք լուրջ ազդեցութիւն ունեն», դիտել տուած է Մինասեան։
Յայտարարութեան մէջ յատկապէս գրուած է. «Մենք կը դատապարտենք Ատրպէյճանի կողմէ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին մէջ իրավիճակի լարումը»: Հոն կը նշուի նաեւ, որ նախայարձակ կողմը եղած է Ատրպէյճանը, որ ծանր սպառազինութիւն օգտագործած եւ քաղաքացիներով բնակուած շրջաններուն վրայ կրակ բացած է։ Յայտարարութեան տակ ստորագրած երեսփոխանները անհեռատես քայլ նկատած են ղարաբաղեան խնդիրը ռազմական ճամբով լուծելու ատրպէյանական փորձերը։