Թ. Շ.
Մայիս 20ին, Գերմանիոյ Տիւսելտորֆ քաղաքին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ «Ալպէր Սեւինչ» (Albert Sevinc) հիմնադրամի տարեկան հանդիսութիւնը, մասնակցութեամբ քաղաքապետ Թովմաս Քայզըրի, ինչպէս նաեւ քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային անձնաւորութիւններու: Սոյն հիմնադրամը կեանքի կոչած, համեստ ընտանիքի զաւակ Ալպէր Սեւինչ ծնած է Միտիաթ (հարաւ-արեւելեան Անատոլիա): Հօր կողմէ ասորի է, իսկ մայրը հայ է: Գերմանիոյ մէջ տքնաջան աշխատասիրութեամբ ճարտարապետութեան ճիւղին մէջ ուսումը աւարտելէ ետք, 2000 թուականին կը հիմնէ «Architecture and contracting business» ընկերութիւնը, որ մեծ յաջողութիւն կ՛արձանագրէ: Ան եղած է օժանդակող մը հայ եւ ասորի համայնքներուն: Հայաստանի մէջ հիմնած է ծերանոցներ, որբանոցներ, եւ բնակարաններ տրամադրած է Գիւմրիի երկրաշարժէն տուժած անտունիներուն: Իր բարերարութեամբ սատար հանդիսացած է նաեւ Ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու Սփիւռքի հիմնարկի ասորագիտութեան ամպիոնին:
«Ալպէր Սեւինչ» հիմնադրամը առատաձեռն կերպով կ՛օժանդակէ ու կը քաջալերէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ արամէական (ասորական) ընկերութեան, Գերմանիոյ եւ միջազգային ընկերային ծրագրերը: Այս տարի, իր միջազգային ծրագիրներու գործունէութեան մէջ հիմնադրամը կարեւոր յատկացում կատարած է Իրաքի եւ Սուրիոյ եզիտի գաղթականներուն՝ մասնաւորաբար կիներուն, որոնք պատերազմի հետեւանքով մեծապէս տուժած են:
Շուրջ 150 հրաւիրեալներու ներկայութեան այս ձեռնարկին իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց քաղաքապետը, որմէ ետք ելոյթներ ունեցան Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան, Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան, Եզիտիներու կեդրոնական խորհուրդի պետը եւ Ասորիներու ներկայացուցիչը: Իսկ Ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու Սփիւռքի հիմնարկի տնօրէն եւ Պոխումի Ռուհր համալսարանի պատմութեան ամպիոնի դասախօս փրոֆ. Միհրան Տապաղ նշեց, թէ «Ալպէր Սեւինչ» հիմնադրամը սփիւռքեան աւանդութիւնը կը պահպանէ՝ պատասխանատուութիւն ստանձնելով ո՛չ միայն իր ազգային շահերուն նկատմամբ, այլ նաեւ զօրակցելով իր ապրած երկրին եւ միւս հալածուած ժողովուրդներու ճակատագիրին՝ հաւասար կերպով իր օժանդակութիւնը կը տրամադրէ բոլոր ճնշուածներուն: Ան մասնաւորաբար ընդգծեց հետեւեալը. «Հալածանքներու եւ բռնութեանց փորձառութիւնը չ՛արտօներ անձնական շահերու եւ ինքնակեդրոն մտածելակերպի զարգացումը: Մեր ծնողներու ժառանգութիւնը եւ եւրոպական բռնութեան քաղաքականութեան ժառանգութիւնը դիմագրաւելով է, որ կրնայ ծնունդ առնել «Ալպէր Սեւինչ» հիմնադրամին նման յանձնառութիւն մը, ապացուցելով թէ ստանալը եւ տալը միասին կ՛ընթանան»:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ:
Հարկ է նշել, թէ այս ձեռնարկը իր տարողութեամբ Գերմանիոյ մէջ եզակի երեւոյթ մըն էր:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»