ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Նախաձեռութեամբ ՀԵԴի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի «Անի» ուխտին, Շաբաթ, 13 Ապրիլի գիշերը Սպիտակ տան առջեւ տեղի ունեցաւ մոմավառութեամբ հսկում մը՝ պահանջելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահէն, որ յստակօրէն ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը:
Պահանջին իրականացումը, ըստ հաւաքուածներուն, անհրաժեշտ է պատմական արդարութեան վերականգնման եւ ապագային նման ողբերգութիւններ կանխելու համար: Այս տարի, մոմավառութեան մասնակցողները նաեւ որոշած էին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին եւ յատկապէս այն նահանգներուն, որոնք մէկ դար առաջ յատուկ ներդրում ունեցան Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդին օժանդակելու գործին մէջ։
«Ալապամա, Քալիֆորնիա, Միսիսիփի, Նիւ Եորք եւ Վըրճինիա՝ մենք միշտ շնորհակալ պիտի ըլլանք այն բոլոր զոհաբերութիւններուն համար, զորս դուք կատարեցիք այս անմեղ մարդիկը փրկելու համար», ըսաւ Նանար Կէուրկունեան:
Սնունդ, հագուստ եւ դեղորայք. Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները 1916էն 1930, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կազմակերպութեան միջոցաւ Ցեղասպանութենէն տուժած հայերուն հասցուցին այժմու արժէքով՝ մօտաւորապէս 2.6 միլիառ տոլարի օգնութիւն:
Միայն Ֆրեզնօն 30 թոն չամիչ տրամադրած էր, իսկ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հաւաքուած էին շուրջ 2000 թոն հագուստներ, Լոնկ Պիչի դպրոցներու աղջիկները հաւաքած էին 3000 թոն խտացած կաթ, Վըրճինիայէն 2000 կամաւորներ արձանագրուած էին, իսկ Միսիսիփին տրամադրած էր 2000 թոն եգիպտացորեն եւ 200 թոն ալիւր: Այս օգնութեան շնորհիւ փրկուեցան բազմաթիւ անձեր եւ 13 Ապրիլի գիշերը, այդ օգնութեան շնորհիւ փրկուած հայերու ժառանգորդները Սպիտակ տան առջեւ հաւաքուած էին՝ դարձեալ բարձրացնելու պատմական արդարութեան իրենց պահանջը:
«Պարոն Թրամփ, ճանչցի՛ր Ցեղասպանութիւնը բայց եւ այնպէս գիտցիր, որ եթէ դարձեալ ուրանաս, ես, իբրեւ ամերիկահայ սերունդի նոր անդամ կը վստահեցնեմ քեզի, որ իմ սերունդը այս կառավարութեան տիրանալով, պիտի փաստէ, որ հայոց պատմութիւնը արմատախիլ ըլլալիք պատմութիւն չէ, այլ՝ վերածնունդի պատմութիւն», իր ելոյթին մէջ յայտարարեց Նարեկ Գույումճեան:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը 24 Ապրիլին, աւանդաբար հանդէս կու գայ յատուկ յայտարարութեամբ, որ նուիրուած է դար մը առաջ տեղի ունեցած հայերու կոտորածին։ Նախագահ Պարաք Օպամայէն սկսեալ, նախագահները հայերէնով՝ Մեծ Եղեռն սկսած են անուանելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Միացեալ Նահանգներու 40րդ նախագահ Ռանըլտ Ռեկըն 1981ի իր յայտարարութեան մէջ օգտագործած էր Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը: