ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչող բանաձեւի վաւերացման՝ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրելով, որ տասնեակ խորհրդարաններէ ետք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուեցաւ նաեւ Միացեալ նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ:
«Մեր ցաւը դարձած է ուրիշներու խորհրդարանի քննարկման առարկան, քանի որ իմ երկիրը 105 տարիէ ի վեր կը հերքէ հայ ժողովուրդին մեծ ողբերգութիւնը: Միակ խորհրդարանը, որ կրնայ բուժել հայ ժողովուրդին վէրքերը, Թուրքիոյ խորհրդարանն է, որուն ես անդամն եմ», կը նշէ ան: