ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մարդկային թերութիւններէն մէկն է՝ յանցանքը իրմէ հեռացնելու եւ անկէ խուսանաւելու վատ սովորութիւնը, փոխանակ առերեսուելու ճշմարտութեան հետ եւ ընդունելու սեփական սխալը:
Ինչ դրական երեւոյթ, որ մեր կեանքին մէջ տեղ գրաւէ, միշտ պատրաստ ենք պատուական բազկաթոռի բազմեցնել, իսկ բոլոր ժխտական երեւոյթները, որոնք մեր ապիկարութեան պատճառով կը յայտնուին մեր կեանքին մէջ, միշտ պատրաստ ենք հեռու վանել մեզմէ, ուրանալով անոնց գոյութիւնը, եւ ի մասնաւորի մեր ձեռքով կատարուած ըլլալը:
Աշխարհի մէջ ապրող ժողովուրդներու շարքին, հակառակ քաղաքակիրթ ազգերու ցուցակին մէջ ըլլալու պատուին, մեր ազգը նաեւ մաս կը կազմէ թշնամիներ ունեցող ազգերու խմբաւորման, որոնք դարերու ընթացքին դիմադրած են անոնց, իրենց գոյութենական կռիւը մղելով:
Թշնամիներ ունենալը, սակայն, միայն ժխտական իմաստով նկատի պէտք չէ առնենք: Անիկա նաեւ դրական իմաստ ունի, քանի որ տուեալ ազգի ներքին միութեան եւ անոր զաւակներու մարտական շարքերուն վերադասաւորման խորապէս նպաստող ազդակ է: Պատմութեան ընթացքին գիտակից ազգեր իրենց հասարակաց թշնամիին դիմաց միասնական ճակատ կազմելով, յաղթանակներ ապահովեր են:
Համայն աշխարհին ծանօթ է հայ ազգի թշնամին: Ճշգրիտ չենք կրնար ըսել, որ բարեբախտութի՞ւն է, թէ՞ դժբախտութիւն, որ աշխարհի տարբեր ժողովուրդներէն շատեր մեզի Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով կը ճանչնան, յիշելով մեր մէկուկէս միլիոնը եւ անոր ջարդարար օսմանցի դահիճները: Ուրեմն, մեզի համար ծանօթ հասարակաց մեր թշնամին՝ թուրքը, նաեւ ծանօթ է օտար ազգերուն, նոյնիսկ եթէ անոնք չեն բարձրաձայներ անոր անունը, իրենց միջպետական եւ աշխարհաքաղաքական շահերէն մեկնելով:
Պէտք է ընդունինք նաեւ, որ թշնամին մէկ հաւաքական ուժ ըլլալով հանդերձ, կրնայ տարբեր դիմակներով մօտենալ մեզի, այնպէս ինչպէս սատանան քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ, որ կրնայ նոյնիսկ մարդակերպ զգեստաւորմամբ ու համոզկեր խօսքերով մօտենալ իր զոհին, կորուստի մատնելու համար զայն:
Որեւիցէ թշնամիի առաջին մարտավարութիւնը, հակառակորդ բանակի շարքերուն մէջ պառակտում յառաջացնելն է, որուն հետեւանքով իր առջեւ կը բացուին դիմացի բերդին դարպասները եւ կը քայքայուի զայն պաշտպանող ռազմական օղակը:
Հայոց երկարատեւ եւ ցարդ շարունակուող պատմութիւնը վկայ, որ մեր ժողովուրդը միշտ զոհ գացած է իր թշնամիներուն կողմէ կիրարկուած միեւնոյն մարտավարութեան, սակայն դժբախտաբար ցարդ չէ՛ գիտակցած իր ունեցած կորուստներու հիմնական դրդապատճառին:
Հայրենական տխուր լուրերը, որոնք համայն հայութեան համար աղէտաբեր հետեւանքներ պիտի ունենան դեռ, Արցախի հողերու մեծամասնութեան կորուստը չէր միայն: Ատիկա դրամին դիմերեսն էր միայն, որ այնքան տխուր հարուածներով բարձրաքանդակուեցաւ մեր հաւաքական յիշողութեան մտապատին վրայ: Միեւնոյն մետաղադրամին դարձերեսը տակաւին չէ՛ բացայայտուած, որովհետեւ դրամը դեռ օդին մէջ փայլփլելու վիճակին մէջ գտնուելով, չէ՛ հանգչած մեր ազգի աճպարարներէն մէկուն մրոտ ափին մէջ:
Դարաւոր թշնամին ուրախութենէն պար բռնած է Հայաստանի շուրջ, Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն հեռու: Անոր շուրջպարին կեդոնական տհոլին կշռութաւոր համազարկին հզօր ձայնը թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ շրջակայքը, եւ թէ՛ հեռուէն կը լսուի: Ողբերգութիւն է տեսնել, որ սոյն շուրջպարին մէջ նաեւ մեր ազգակիցներէն շատեր կը պարեն, նոյնիսկ պարագլուխի դերերու ստանձնումով, օդին մէջ իրենց թաշկինակներ ճօճելով:
Ապրիլ 24 է դարձեալ…:
Հին ու նոր նահատակներու անտեսանելի շուրջպար ծայր առեր է հայ կեանքէն հեռու, որովհետեւ անոնք չեն ուզեր մեր նուագով պարել: Հայոց Ցեղասպանութեան ալեհեր մեր նահատակները շուրջպար կազմած, արցախեան երիտասարդ, եւ հազիւ աղուամազերով ծածկուած դէմքերով նահատակներուն հետ կը պարեն: Տխուր, բայց վրիժառական է սոյն շուրջպարին երաժշտութիւնը: 106 տարիներու հեռաւորութիւնը բան չէ փոխած երաժշտական ու պարարուեստի սոյն պատմութենէն, որովհետեւ կմախքացած մեր նահատակներուն ոսկորներով սրինգ շինեցինք միայն եւ նուագեցինք ու լացինք, փոխանակ անոնցմով դաշոյն շինելով, զանոնք թշնամիին կողը մխրճելու:
Մեր կենդանի թէ մահացած նահատակներուն աճիւնները խաղալիք դարձեր են թշնամիին ձեռքը: Զանոնք անընդհատ իրար քսելով կը սրէ ան, մեր սիրտը վիրաւորելով ամէն վայրկեան: Բայց արդեօ՞ք անոր այս վայրագ աշխատանքին սրաքարը մենք չենք…: Արդեօ՞ք մեր նահատակներուն ոսկորները, մեր իրարու դէմ հայհոյող սուր լեզուի սրաքարին վրայ չի սրեր մեր թշնամին…:
Բայց մենք արդէն մոռցեր ենք եւ ազատ թողեր մեր դարաւոր թշնամին: Ան ազատ ու համարձակ կը գործէ, առանց հաշուի առնելու մեր պահաջատիրական պայքարի հարիւրամեայ ընթացքը, համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւն բերելու միտող մեր քաղաքական կուսակցութիւններու անդուլ մարտնչումները, որովհետեւ վստահ է արդէն, որ իր թշնամական շապիկէն բազմաթիւ օրինակներ շրջանառութեան մէջ են հայ ազգի կեանքին մէջ, ուր նոյնէն կը ձեւեն, ու ամէն օր իրարու կը հագցնեն մեր ժողովուրդին զաւակները:
– Ո՞վ է մեր ազգի թշնամին:
Խնդրեմ պատասխանեցէք այս հարցումին, որ այնքան ալ դժուար չէ ներկայ ժամանակներուն տեղի ունեցող դէպքերու լոյսին տակ: Սոյն հարցումին պատասխանը գտնելու ամէնէն արագ ձեւը իրար դէմքին նայիլն է, որովհետեւ այսպիսով շուտով պիտի հանդիպինք ու ծանօթանանք մեր թշնամիին…:
Ամօ՛թ մեզի, հազար անգամ ամօթ…: Մե՞նք պիտի ըլլայինք մեր ազգի թշնամին, փոխանակ դատապարտեալի աթոռին վրայ գամուած պահելու մեր ամօթահար դարաւոր թշնամին, որ այսօր ազատ կը շրջագայի ամէնուրեք, հպարտ ու երջանիկ: Եթէ մենք մեզմէ չենք ամչնար, մեր հին ու նոր նահատակներէն ամչնանք, գէթ մէկ անգամ ցոյց տալով անոնց, որ միացեալ եւ ուժեղ ազգ ենք, թէպէտ քանակով քիչ, բայց հեռու խտրականութենէ եւ հեռու ամէն տեսակի բաժանարար ու անջատողական մօտեցումներէ:
Մեր պատմութեան ողջ տեւողութեան ընթացքին, միայն միասնականութեամբ ազգի ու հայրենիքի փրկութիւնը ձեռքբերելու պատգամներ շատե՜ր տուած են մեզի, որոնք քարոզի ու բարոյախօսութեան պիտակով կնքուելով, փոշիներու տակ թաղուեր են անցեալին:
Կը յուսամ, որ Ապրիլեան իմ այս համեստ պատգամը, Ատրպատականի նման զգայուն թեմի մը առաջնորդին կողմէ գրուած, եւ իբրեւ ամէնօրեայ դրութեամբ ապրուած կենսակերպէ բխած մտածումներու բանաձեւում, նախորդներուն կողմէ տրուած պատգամներուն նման փոշեծածկ դառնալու դժբախտ ճակատագրին չենթարկուիր: Կը յուսամ…: Այո՛, դեռ կը յուսամ: