ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մարդկային փոխյարաբերական կեանքի առանցքը խաղաղ ապրելակերպն է, որուն վերահաստատման համար կը պայքարի ամբողջ երկրագունդը: Իրաւունք հասկացութիւնը արդէն կորսնցուցեր է իր ընդհանրական՝ արդարութիւն բուրող նշանակութիւնը եւ դարձեր է այս կամ այն երկրի, այս կամ այն հաւաքականութեան, ինչպէս նաեւ այս կամ այն անհատին բացարձակ սեփականութիւնը: Ամէն մարդ իրաւունքի մասին կը խօսի եւ զայն դէպի իր կողմը քաշելու շղթաներ կը նետէ անոր վրայ: Իրաւունք հասկացութիւնը դարձեր է շղթայակապ գերի մը, որ ամէն օր կը մտրակուի, կը խարանուի, կը ձաղկուի, կը խաչուի, սակայն՝ դժբախտաբար լուռ կը մնայ:
Խաղաղ ապրելու պայմաններէն մէկն է՝ ուրիշներու նկատմամբ հոգածութիւնը, որ մարդասիրութիւն բառով կը բնորոշուի, մարդկային առաքինութիւններուն վրայ պսպղուն ակերով թագ աւելցնելով:
Յիսուսի վարդապետութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ «նմանը անձին պէս սիրել»ու պատուէրը: Քրիստոնէութեան համար սոյն պատուիրանին կարեւորութիւնը կը շեշտէ Յիսուս, նմանը գէթ անձին պէս սիրելու խրատ տալով: Այսինքն, զայն անձէն աւելի սիրելու պարտաւորութեան տակ չի դներ Յիսուս իր հետեւորդ մարդը, որովհետեւ մարդ էակը իր անձէն աւելի զԱստուած պէտք է սիրէ միայն, որպէսզի արժանի ըլլայ Անոր սիրոյն ու գութին:
Աներեւոյթ Աստուծոյ հանդէպ սէր ցուցաբերելով հանդերձ, ոմանք կը դժուարանան իրենց նմանը սիրել. այն՝ որ երեւելի ու շօշափելի ներկայութիւն է իրենց շրջապատին մէջ: Մեր կարծիքով՝ միայն աներեւոյթ Աստուծոյ հանդէպ սէր ցուցաբերողները, մարդը սիրելէ խուսանաւող եւ տկար անհատականութեամբ անձեր են, որոնք աստուածասիրութեան կեղծ դիմակով ծպտուած, բարեպաշտի համբաւ ալ կը վաստակին, գնահատուելով բոլորին կողմէ:
Կեանքի մէջ չափաւորութիւն պահելու հասկացութիւնը ո՛չ թէ միայն ամէն ինչ իր չափով ու իր ժամանակին կատարելն է, այլեւ Աստուծոյ փառատրութիւն ընծայելէ բացի, նմանին հանդէպ գթասիրտ ու բարեգործ ըլլալն է: Ուրեմն, Աստուծոյ «բաժին»ը տալէ ետք, շատ կարեւոր այլ պարտաւորութիւն ունի մարդ, որ է՝ իր նմանին օգտակար հանդիսանալը:
Կասկած չկայ, որ ամէն հաւաքականութեան մէջ ալ շուտով կարելի կ՛ըլլայ իրարմէ զատորոշել իսկականն ու կեղծը: Թերեւս շուկային մէջ ծախուող իրերուն իսկականն ու կեղծը իրարմէ զատորոշելը աւելի դժուար ու ժամանակ խլող աշխատանք է, քան մարդոց իսկականն ու կեղծը իրարմէ զանազանելը: Ոմանք աստուածատուր յատուկ զգայարանք ունին, որ զիրենք օժտած է մարդոց կեղծն ու իրաւը իրարմէ զանազանելու մեծ կարողութեամբ: Այսպիսի անձերու համար բաւարար է, որ քննելի մարդոց հետ քանի մը նախադասութիւն փոխանակեն, կեղծերն ու իսկականները իրարմէ զանազանելու համար: Աչքերու հայելիին մէջէն երեւցող կեղծիքը կամ անկեղծութիւնը, խօսքով արտայայտութեան ընթացքին ձայնային հանգիստ ելեւէջը կամ տագնապալի վերիվայրումները, հանգիստ շնչառութիւնը կամ հեւասպառ մղձաւանջը, ինչպէս նաեւ շատ մը ուրիշ արտայայտութիւններ՝ ձեռքերու եւ մարմնի շարժումներով, բարացուցիչ կ՛ըլլան ներքին՝ հոգեկան այն տառապանքին, որուն հետեւանքով իսկական մարդը ի յայտ կու գայ:
Բարեգործութեան դիմաց ապերախութիւնը, բնական երեւոյթ սկսեր է դառնալ: Զարմանալի է, որ բարեգործութիւն կատարողները չեն բողոքողները, այլ հեռուէն դիտողները: Անշուշտ, իսկական բարեգործներուն մասին է խօսքը այստեղ եւ ո՛չ թէ բարեգործի դիմակով շրջագայողներուն: Այս վերջիններն են, որոնք կը բողոքեն ու կ՛աւաղեն, երբ բարեգործութիւն կատարեն եւ ապերախտութեան հանդիպին: Ահա վերջին երկուքին տարբերութիւնը յայտնաբերելու կերպ մը, զոր ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք, առ ի փորձարկում:
Ապերախտութիւնը, իբրեւ փոխյարաբերական կեանքի տխուր երեւոյթ, միայն բարեգործութեան դիմաց չի կատարուիր, այլեւ ամէն առիթով կարելի է հանդիպիլ անոր: Ամէնէն վատ պարագան, մեզի բարեգործութիւն չկատարած անձը յանկարծ վնասելու տեսակն է, որ հակահարուած չէ, ուրեմն՝ անակնկալ եւ անսպասելի ցաւ կը պատճառէ ենթակային, որուն բնականաբար պատրաստ պիտի չըլլայ հարուածը ստացող ենթական:
Վերոյիշեալ հարուածին զոհ կը դառնան առհասարակ բարեհամբաւ մարդիկ, որոնք բոլորին նկատմամբ հոգածու վերաբերում կը ցուցաբերեն: Նման անձեր այնքան բարեգործութիւն կատարած կ՛ըլլան, որ ա՛լ չեն յիշեր, թէ որո՞ւն եւ ե՞րբ բարիք կատարած են: Սակայն, անոնք շատ լաւ կը յիշեն, թէ որուն բարիք չե՛ն ըրած, որովհետեւ իրենց կեանքին իմաստը բարեգործութիւնը դարձուցած ըլլալով, կ՛ուզեն բոլորին հասնիլ:
Իմ անձնական կեանքին համար օրինակելի եւ իմաստաւոր կեանքով ապրած անձ մը իր հօրմէն լսած դրուագ մը յիշեց՝ ըսելով, որ վերոյիշեալ բարեհամբաւ մարդուն օրինակով անձ մը երբ կ՛իմանայ, թէ այսինչը իրեն վնաս հասցուցած է, զարմանքով կը բացագանչէ.
– Բայց ես բարիք չեմ ըրած անոր:
Բարեհամբաւ մարդուն բերանին մէջ տեղ գտած սոյն յանկարծական արտայայտութիւնը ինքնին փաստ է, որ ապերախտութիւնը որքա՜ն տարածուած երեւոյթ է մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ: Բարեգործ մարդը իր փորձառութեան մասին անակնկալ վկայութիւն կու տայ, սակայն զարմանալով, որ իրեն վնասող անձը չի՛ պատկանիր այն մարդոց խումբին, որ իր բարեգործութեան ցանկը կը կազմէ:
Մեզ կը վնասեն կամ կը հարուածեն ընդհանրապէս անոնք, որոնք վայելած կ՛ըլլան մեր կատարած այս կամ այն բարիքը: Երախտագիտութեամբ լեցուած սիրտերուն չափ ալ կարելի է հանդիպիլ ապերախտութեամբ եռացող հոգիներու, որոնք անակնկալի կրնան բերել մեզ: Բայց այս երկուքէն աւելի անսպասելի է անծանօթ եւ նախանձ մարդուն հարուածը, որուն ո՛չ օրը, ո՛չ ժամը եւ ոչ ալ վայրկեանը կարելի է գուշակել: Ասոր վայրագութիւնը խթանողը, բարեգործութեան հանդէպ ունեցած չար նախաձն է, զոր եթէ կարենար վերածել բարի նախանձի, փոփոխութեան կրնար ենթարկել թէ՛ իր անձը եւ թէ իր շրջապատին կեանքը:
– Բայց ես բարիք չեմ ըրած անոր:
Այո՛, զգուշացիր մանաւանդ այն անձերէն, որոնց բարիք կատարած ես: Անոնց մէջ կան այնպիսիներ, որոնք յարմար առիթը պիտի չփախցնեն քեզ հարուածելու եւ նոյնիսկ զգետնելու: Պատճառները կրնան տարբերիլ իրարմէ, սակայն արդիւնքը նոյնն է: Արդեօք անոնցմէ ոմանք կ՛ամչնա՞ն իրենց անցեալ կեանքէն, երբ տկար էին ու կարիքաւոր, եւ քու օժանդակութիւնը վայելած ըլլալով՝ հիմա չեն ալ ուզեր յիշել այդ…: Ապերախտութեան ամէնէն դաժան տեսակն է այս, աւելի՛ ստոր, քան նոյն շարժառիթով գործուած ոճիրը:
Ապերախտութեան սոյն արարքէն աւելի անմարդկային է, սակայն, բարեգործ մարդուն հասցուած հարուածը, հաւանաբար խափանելու համար անոր աստուածահաճոյ առաքելութիւնը եւ մարդասիրական գործունէութիւնը, ուղղակի նախանձի հետեւանքով:
– Բայց ես բարիք չեմ ըրած անոր:
Բարեգործ մարդուն զարմանքը ի զուր չէ: Ուրեմն, թէ՛ քու բարիքդ վայելած եւ թէ քեզի անծանօթ անձերէն զգուշացիր, առածին համաձայն՝ կատարած բարիքդ ծովը նետելով: