ՄԱՐԱԼ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
Սոյն դամբանականը արտասանուած է 22 Ապրիլ 2021ին, Վազգէն Մատէնլեանի թաղման արարողութեան ընթացքին, անոր դսեր՝ Մարալ Դաւթեանի կողմէ.
Սիրելիներ,
Համայնքին համար, Վազգէն Մատէնլեան անունը ծանօթ է՝ իբրեւ տնօրէն եւ հասարակական գործիչ, իսկ մեր ընտանիքին համար ան հրաշալի ամուսին, հայր, եղբայր, հօրեղբայր եւ ճշմարիտ ու անկեղծ ընկեր մըն էր:
Հայրս` Վազգէն Մատէնլեան, իր ծնողներուն՝ Կարոյի եւ Մարիի երեք զաւակներէն կրտսերագոյնն էր, Արա եւ Վերժին Մատէնլեաններէն ետք: Կ՛ըսեն թէ, մանկական իր իւրայատուկ նկարագիրով եռանդուն եւ չարաճճի մանուկ մը ըլլալով հանդերձ, սիրուած եւ հաճոյալի մանուկ մը եղած էր հայրս:
Յաճախած էր Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը՝ աշակերտելով հանրայայտ ազգային գործիչներ՝ Սիմոն Վրացեանի, Մուշեղ Իշխանի, Կարօ Սասունիի, Գառնիկ Բանեանի, Հրաչ Տասնապետեանի եւ նման մեծերու շուքին ներգոյ, դրոշմուած ազգասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ՝ հանդէպ իր ժողովուրդի մշակութային արժէքներուն եւ աւանդոյթներուն:
1979ին ան հանդիպած եւ ամուսնացած էր մօրս՝ Սեդա Համալեանի հետ, բախտաւորուելով Մարալ եւ Լորիկ անուն զոյգ դուստրերով:
Հայրս, պատանեկան փխրուն տարիքին կորսնցուցած ըլլալով իր հայրը՝ դարձած էր մեզի համար հայ ընտանիքի իսկական նուիրեալ հայր մը: Ան իր սուղ ժամերը յաճախ տրամադրած էր հաճելի պահեր ապրելով ու ապրեցնելով մեզ իր հետ, ինչպէս նաեւ կեանքի խորհուրդներ փոխանցելով, եւ առաւել սիրով ու գուրգուրանքով լեցուն` տրամադրուած էր իր թոռներուն հոգատարութեան՝ մերթ խաղալով, լողալով եւ ըստ յարկին, նոյնիսկ երբեմն իր սիրած լողաւազանին մէջ մանկանալով անոնց հետ:
Վերջերս, 2020ի Դեկտեմբեր ամիսը նշեց մեր թանկագին ծնողներուն՝ Վազգէնի եւ Սեդայի, 41րդ ամուսնութեան իրենց սիրոյ կապի տարեդարձը:
Հայրս՝ Վազգէնը, իր շրջապատին մէջ ծանօթ էր իրեն յատուկ հաճոյախօսութեամբ եւ ապրած օրերու յիշատակելի պատմութիւններով: Կը սիրէր կեանքով լեցուն ուրախ պահեր անցընել, ընտանեկան եւ ընկերական մտերմիկ շրջապատով եւ յատկապէս «գաղափարական ընկերներով» եւ ճեմարանական դասընկերներով:
Կը սիրէր երաժշտութիւնը եւ երգեհոնի նուագակցութեամբ, սիրողաբար մասնակցած էր զանազան նուագախումբերու, ինչպէս նաեւ յաճախ ճոխացուցած մեր ուրախ առիթները:
Երբ ես եւ քոյրս մայր դարձանք, Վազգէն մեծ հայրիկը երջանկութեան իր գագաթնակէտին` որոշեց թոշակառու դառնալ եւ իր կեանքին օրերը զարդարել թոռնուհիներուն հոգատարութեամբ եւ սիրով:
Ան շատ կը սիրէր մօրս հետ տարեկան իրենց շրջապտոյտները, հանդիպելու եւ ուրախ ժամանցի պահեր ապրելու իր անցեալի ընկերներուն եւ դասընկերներուն հետ: Սակայն Հայաստանն ու Lake Tahoe-ն կը մնային իր նախասիրած վայրերն ու բնութիւնը:
Հայրս իր ընկերական բնութեան հետ զուգահեռ, ունէր լուրջ եւ խոր զգացական ներաշխարհ մը: Կը սիրէր կարդալ Արիսթոթէլն ու Փլաթօն, ինչպէս նաեւ հայ գրականութեան մեծեր՝ Դանիէլ Վարուժան, Չարենց, Սիամանթօ, Րաֆֆի եւ Մալխաս, որոնք կը մնային անզուգական հեղինակներ իրեն համար:
Ան սիրեց նաեւ ուսուցանել եւ գաւառային ուսումնարանէն ներս կիսաժամերով, տարիներ շարունակ աւանդեց ուսողութիւն: Երբ 1991ին Շամլեան Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը ստանձնեց, անոր համար սրբազան առաքելութիւն դարձաւ կեանքի այս հանգրունը, վերամշակեց իրեն յանձնուած Շամլեան դպրոցի ուսումնակրթական եւ գիտական համակարգը, յատուկ փայլք մը տալով հայկական վարժարանի մակարդակին: Տարիներու ընթացքին, նուիրուած կրթական մշակ մը համարուելով՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Արամ Ա.վեհափառին կողմէ պարգեւատրուած էր «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
Պարտք կ՛ըզգամ յիշել նաեւ, որ իր սիրած ու փայփայած կուսակցութիւն՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, երկար տարիներու անդամ ընկեր Վազգէն Մատէնլեան եղած էր Փասատինա քաղաքի ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէի հիմնադիրներէն մէկը եւ վերջերս կոմիտէի հիմնադրութեան 40ամեակին, կոմիտէութեան կողմէ պարգեւատրուած էր երկար տարիներու կուսակցականի իր ծառայութեան համար:
Քանի մը շրջան գործած էր՝ իբրեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, ինչպէս նաեւ իբրեւ պատգամաւոր՝ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին, ներկայացնելով իր շրջանը: Վերջին տարիներուն, նշանակուած էր գլխաւոր վարիչը ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի Հայ Դատի «Կարս Ակադեմիա» դասընթացքներու ծրագիրին, որ ըստ մասնակցող անհատներու հաստատումին՝ «ան մեծ սիրով եւ քաջելերանքով կը խրախուսէր մասնակցողները»:
Թոյլ տուէք փոխանցել անձնական ապրումներ. հետեւեալ սրտառուչ եւ անմոռանալի պատկերը միշտ պիտի մնայ հոգիիս խորը՝ իբրեւ գորով եւ անսահման սէր ու հոգատարութիւն` հօրս կողմէ մեզի հանդէպ, երբ ամէն օր աշխատանքէս տուն դարձիս ան տուն կը վերադարձնէր իր թոռնիկուհիները՝ աղջիկներս՝ Սեւանան եւ Արենին ապահով յանձնելու համար մեզի: Կը մտածէի, թէ որքան բախտաւոր ենք այս ապահովութեան համար, որ սակայն օր մը հեռաւոր կարօտ պիտի դառնար… եւ արդէն իսկ՝ է…։
Իր փորձառութիւններով լեցուն ձայնը յաճախ ականջիս մէջ կ՛արձագանգէ իր խորհուրդներով՝ իբրեւ անվերջ պատգամ:
Հայրս կեանքի մեծ եւ իմաստուն խորհրդատու էր մեզի համար. ան թրծած էր մեզ ուսման եւ ընտանիքի սիրով ամրապնդուելու, ըլլալու խոնարհ եւ ներողամիտ, հաստատ մնալ յատկապէս մեր ազգային բարձր սկզբունքներուն վրայ եւ փոխանցել զայն մեր զաւակներուն:
Խոստովանիմ, որ ես եւ քոյրս բախտաւոր էինք հօրս ազդեցութեամբ, բայց ափսոս, հազար ափսոս, որ մեր զաւակները կորսնցուցին զինք:
Հա՛յր, միտքերս հաստատող, ինքնավստահութիւն ներշնչող եւ քաջալերող պատուանդան մըն էիր ինծի համար, երբ որեւէ առիթով արտասանելու խօսք ունենայի: Այսօր, այս պահուն, երբ քու յիշատակը եւ քու թողած հարուստ ժառանգը կը պատուեմ իմ սրտափուխ բառերով, վստահ եմ որ հոգիդ անգամ մը եւս պիտի հանգչի հպարտութեամբ:
Հա՛յր, յաւերժ սէր եւ կարօտ պիտի մնաս մեզի համար:
Երախտապարտ ենք քեզ՝ իբրեւ մեր կեանքի մնայուն լուսաւոր կանթեղ:
Այսօր, կանխաժամ մահը, թէեւ շուարութեան եւ խոր յուզումի մատնեց մեզ, սակայն հօրս ապրած եւ կերտած հարուստ կեանքով՝ հանդէպ իր ընտանիքին, համայնքին, հայրենիքին եւ մարդկութեան, մեզ յարատեւ ազնիւ հպարտութեամբ պիտի պարուրէ:
Խոր կարօտով պիտի յիշենք քեզ եւ ինքզինքդ նկարագրելու համար օգտագործած հաճոյալի՝ «վայրի գեղեցկութիւն» արտայայտութիւնդ: Քաջ գիտենք, թէ քու թողած հարուստ ժառանգդ եւ անմոռանալի յիշատակդ պիտի լուսաւորէ եւ առաջնորդէ մեզ մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին:
Ի դէպ, այս պահուn, հօրս նուիրուած Ազգային թաղման կարգին եւ յարգանքին առիթով, մեր ընտանիքին անունով` խորին երախտագիտութիւն կը յայտնենք՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին, Ազգային ժողովին եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական մարմինին: Ինչպէս նաեւ, Շամլեան Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, եւ ձեր բոլորին յարգալիր ներկայութեան համար:
Բուրումնաւէտ խունկ եւ բալասան, յաւերժ քու յիշատակիդ՝ ՀԱՅՐ: