ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 19 Մայիսին, ատրպէյճանական կողմը չներկայացաւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրականացուած սադրանքին իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրադրութեան հանգուցալուծման շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն։ Լուրը հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Չնայած վաղօրօք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեանը` ադրբեջանական կողմը բանակցութիւններին չի ներկայացել», նշեց նախարարութիւնը։