ԵՐԵՒԱՆ.- 20 Յունիսին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի նորագոյն պատմութեան ամէնէն ճակատագրական Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները՝ նկատի ունենալով, որ անոնք կը յաջորդէին Արցախի մէջ արձանագրուած պարտութեան եւ 9 Նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմանի յանձնուողական յայտարարութեան։
Ընտրութիւններուն քուէարկելու իրաւունք ունեցող 2 միլիոն 593 հազար 572 ընտրողներէն մասնակցեցան 1 միլիոն 281 հազար 174 քաղաքացիներ կամ 49.4 տոկոսը միայն, որոնց քուէներուն մեծամասնութիւնը ստացաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, զոր կը գլխաւորէ Նիկոլ Փաշինեան, որուն օրով արձանագրուեցաւ արցախեան պարտութիւնը եւ կնքուեցաւ նշեալ յայտարարութիւնը։
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին հրապարակած նախնական արդիւնքներուն համաձայն՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացաւ 687,251 քուէ կամ ընդհանուր քուէներուն 53.92 առ հարիւրը, «Հայաստան» դաշինքը ստացաւ 268,165 քուէ կամ 21.04 առ հարիւր, «Պատիւ ունեմ» դաշինքը՝ 66,633 քուէ կամ 5.23 առ հարիւր, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 50,416 քուէ կամ 3.96 տոկոս, Հանրապետութիւն կուսակցութիւնը՝ 38,713 քուէ կամ 3.04 տոկոս։