«ԱՍՊԱՐԷԶ»
113 տարիներ առաջ այս օրը՝ 14 Օգոստոս 1908ին, լոյս տեսաւ «Ասպարէզ»ի առաջին թիւը, հիմը դնելով մինչեւ այսօր շարունակուող աւանդութեան մը, ըլլալու ասպարէզ մը համայնքին համար եւ կամուրջ մը՝ հայրենքի եւ Սփիւռքի միջեւ։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի, որ հաստատօրէն կը շարունակէք վստահիլ «Ասպարէզ»ին։ Դուք՝ մեր ընթերցողները, ինչպէս նաեւ համայնքի կազմակերպութիւնները, հաստատութիւնները, մեր հովանաւորները, ծանուցողները եւ համակիրները կը շարունակէք մեզ մղել, որ ամէն օր աւելի լաւը իրականացնենք՝ մեր առաքելութիւնը յառաջ տանելու համար։
Համաճարակին հետեւանքով շուքի տակ մնացած մեր նախորդ տարեդարձէն անմիջապէս ետք, հայութիւնը ականատես եղաւ ահաւոր ցնցումներու, երբ 27 Սեպտեմբեր 2020ին Ատրպէյճան եւ Թուրքիա Հայաստանի եւ Արցախի վրայ յարձակեցան, աներեւակայելի մարդկային եւ հողային կորուստներ պատճառելով հայութեան։ Հակառակ ահաւոր իրականութիւններուն, «Ասպարէզ»ը ամէնօրեայ իր հաղորդումներով իրազեկ պահեց իր ընթերցողները։
Հպարտ ենք մեր ընթերցողներուն մատուցուած սպասարկութիւններով եւ կը ձգտինք թերթը դարձնել այն վայրը, ուր մեր ազգային մտահոգութիւնները կը քննարկուին, մեր հայրենիքին եւ ազգին դիմագրաւած տագնապներուն լուծումներ գտնելու նպատակով։
Համաճարակին պարտադրած նոր իրականութիւնները եւ տնտեսական նկատառումները պարտադրեցին, որ «Ասպարէզ»ը դժուար որոշումներ տայ, հետեւելով առողջապահական մարմիններու ցուցմունքներուն, սակայն միշտ հաւատարիմ մնացինք մեր ընթերցողներուն հանդէպ մեր ստանձնած պարտականութեան, որուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր անձնակազմին։
Մեր ընթերցողները վստահաբար նկատած են ամրան սկիզբը բանիլ սկսած համացանցային մեր նոր կայքը, որ պիտի շարունակուի բարելաւուիլ, մեր ընթերցողներուն հետ կապը աւելիով դիւրացնելու նպատալով։
Կը շարունակենք մնալ մեր յաջողութեան ողնասիւնը եւ կը մնանք հոս, մեր կայքով, տպագիր օրինակով եւ ամէն օր մեր ընթերցողներուն յղուող թուային տարբերակով տեղեակ պահելու համար հայութիւնը յուզող հարցերու մասին, միշտ ընդարձակելով մեր ասպարէզը։
2008ին նշուած մեր հարիւրամեասկէն ի վեր, աւանդութեան վերածուած է մեր տարեդարձին առիթով ձեզմէ խորհրդանշական նուէր խնդրելը, որուն համար ձեզմէ կանխաւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք (կամ ձեր նուէրը կրնաք առաքել՝ 1203 N. Vermont Ave., Little Armenia, CA 90029 հասցէին)։ Կրնաք նաեւ դառնալ «Ասպարէզ»ի ամսական նուիրատու։
Happy and prosperous 113th anniversary, wishing several multiple
anniversaries celebrations coming centuries for Asbarez; good work
and good stand forever ! .