Գէորգ Պետիկեան
Չենք մոռցած: Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ «Ասպարէզ» անունը կրող, կեանք մը ազգային պատմութիւն կերտած, սեւով ճերմակին վրայ մելան եւ քրտինք թափած, հայ մամուլի մեր պատմական այն ներկայացուցիչներէն եւ համեստ ծառային, որ ծնունդ առած էր հսկայ ու պատմական ազգային կազմակերպութեան մը ծոցէն, Ամերիկայի հայահոծ՝ Ֆրեզնոյէն, ապա պայմաններու բերումով իր կեանքը շարունակած՝ Լոս Անճելըս, Կլենտէյլ, իսկ ներկայիս ալ, դարձեալ Լոս Անճելըսի մէջ:
Օգոստոս 14ին, ամբողջ Ամերիկաներու տարածքին հայկական միակ օրաթերթ՝ «Ասպարէզ»ի ծննդեան տարեդարձն է:
Ան՝ 113տարեկան տակաւին երիտասարդ ա՛յն ամէնօրեայ լրագիրն է, որ հակառակ «Քորոնա» ժահրի աւերին ստեղծած իրավիճակներուն, հաստատ ու աննկուն իր ներկայութեամբ շարունակեց եւ տակաւին կը շարունակէ մտնել այն բոլոր հայ տուներէն ներս, որոնք հաւատացած են եւ տակաւին նաեւ կը հաւատան իր ազգային առաքելութեան:
Այս առթիւ եւ կրկնութեան գնով նաեւ պէտք յիշել ու յիշեցնել «Ասպարէզ»ի ազգային բոլոր այն յատկութիւնները, որոնք ո՛չ միայն հարստացուցած են մեր միտքը, այլ նաեւ ոգեղէն հայրենիք կառուցած՝ մեր հոգիներուն մէջ, միաժամանակ արթուն պահելով մեր այս գաղութին եւ անկէ դուրս, մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութիւնը:
Արդեօ՞ք իր վարկին նորութիւն մը ըսած կամ աւելցուցած պիտի ըլլամ, եթէ նաեւ յիշեմ, որ տակաւին իր աւելի քան դար մը հաւատարմութեամբ, ան բոլորիս համար կը մնայ մեր կեանքին իմաստ տուող պատմական դէմքերու եւ դէպքերու գոյնզգոյն օղակներով ձայնը, որ մեզի հայ կեանքին կը կանչէ:
Ու թէեւ փոխուած են ժամանակները եւ իրենց հետ փոխուած ու բազմացած՝ ապրելու եւ գոյատեւելու մեր պայմաններն ու ազգային մեր գոյութեան սպառնացող վտանգները, սակայն հակառակ այս տագնապներուն, «Ասպարէզ»ը երիտասարդացած՝ կը շարունակէ մատուցողի իր ճանապարհը: Նոյնիսկ՝ հակառակ կայքէջերու եւ կամ համացանցային այլ նորութիւններու սպասարկութիւններուն ու մանաւանդ այս օրերուն, համաճարակի աղէտին ստեղծած ահաւոր կացութեանց, գերագոյն զոհաբերութեամբ եւ զոհողութեամբ, իբրեւ զինք ծնող կազմակերպութեան արթուն դրօշակակիր, ան կը շարունակէ իրեն վստահուած եւ ապաւինուած երթը:
Ըսած ենք միշտ, թէ ազգային հարստութիւն մը ըլլալով հանդերձ, «Ասպարէզ»ը հարազատ պատկերն ու հայելին է մեր գաղութին եւ հայ գաղութներուն: Նոյնպէս, եթէ կ՛ուզէ՛ք, նաեւ մեր բոլորին համար աշխարհին վրայ բացուող լայն եւ ընդարձակ պատուհանն է, որուն մեր ժողովուրդը կապուած է սիրով ու ակնածանքով:
Հոն է, որ մենք զմեզ կը փնտռենք, որովհետեւ շնորհիւ իր բազմաճիւղ առաքելութեան, ան հաւատարմօրէն հետեւելով մեր առօրեային, մօտէն կը հետեւի մեր հաւաքական կեանքին, մեր անմիջական մթնոլորտն ու գրական, գեղարուեստական, քաղաքական եւ մշակութային ճաշակին:
Քալելով մեր կեանքին հետ, ի~նչ արեւներ անցած են անոր վրայէն եւ ի~նչ հին ու նոր աստղեր կառչած են անոր էջերուն, որոնք տասնամեակներով լուսաւորած են մեր ազգային ճամբան: Մէկ խօսքով՝ անսակարկ ծառայութիւն մատուցող հարազատ ներկայութիւն մը: Չմոռնանք:
Ուստի, որպէսզի ան շարունակէ իր սրբազան երթը, պարտաւոր ենք գուրգուրանք եւ պաշտամունք ցուցաբերել: Որովհետեւ, ան հաստատապէս արժանի է մեր բոլորին յարգանքին, գնահատանքին եւ նիւթաբարոյական անսակարկ քաջալերանքին:
Մաղթանքս է, որ «Ասպարէզ»ը այս հանգրուանին իսկ, դառնայ աւելի ուժգին եւ հաստատ եւ մեր բոլորին զօրակցութեամբ շարունակէ իր ընթացքը՝ ժամանակի պահանջներուն հետ:
Այս առթիւ, յարատեւութեան եւ յաջողութեան եւ բարգաւաճման բարի մեր մաղթանքներուն կողքին նաեւ ի սրտէ…
– Տարեդարձդ շնորհաւոր, սիրելի եւ հարազատ «Ասպարէզ»:
Ծանօթ.- «Ասպարէզ»ի նուիրահաւաքին մասնակցելու համար սեղմել այստեղ.