Թերեւս քաղաքական իմաստակութեան պէտք է վերագրել Ազգային ժողովի 8րդ գումարման նախօրէին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի՝ Ատրպէյճանի յարձակումները դատապարտող յայտարարութիւնը խծբծանքի առարկայ դարձնողներու «վրդովմունքը»՝ յատկապէս այն առնչութեամբ, որ տուեալ յայտարարութիւնը նաեւ կոչ կ՛ընէր խորհրդարանի նորընտիր պատգամաւորներուն՝ «բոլորովին փոխելու իրենց քաղաքական պառակտիչ հռետորաբանութիւնը», երկիրը զերծ պահելու համար ներքին անհարկի ցնցումներէ: Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը լրջախոհութեան եւ պատասխանատուութեան հրաւիրելու կոչ մըն էր պատգամաւորներուն՝ յատկապէս այս օրերուն, երբ բոլորիս ծանօթ են մեր հայրենիքին առջեւ ծառացած դժուարութիւնները եւ արտաքին մարտահրաւէրները:
Անոնք, որոնք անցնող երկու-երեք շաբաթներուն առիթը ունեցան մօտէն կամ հեռուէն հետեւելու Ազգային ժողովի նիստերուն, վստահ ենք, որ վայրկեան մ՛իսկ պիտի չվարանին հաստատելու, թէ որքա՛ն տեղին էր Կեդրոնական կոմիտէի նախազգուշացումը եւ մտահոգութիւնը: Անշուշտ, եթէ մարդիկ իսկապէս տրամադրուած են եւ հետամուտ՝ մեր հայրենիքի եւ պետականութեան շահերը ամէն բանէ վեր դասելու, իսկ խմբային կամ կուսակցական աժան շահարկումի ծառայող թէզերը այս օրերուն մէկդի դնելու:
Միշտ յարգելով հանդերձ բացառութիւնները, ընդհանրութեան մէջ մինչեւ օրս, այս նիստերէն մեր տեսածներուն եւ լսածներուն հիման վրայ կարելի է ըսել, որ այնպէս չի թուիր որ հայրենի խորհրդարանը պահի լրջութեան գիտակցութեամբ կ՛աշխատի ներկայիս: Ապա թէ ոչ՝ ինչի կը ծառայէ այս նիստերուն գերազանցապէս տիրած ապառողջ եւ ոչ-կառուցողական մթնոլորտը, որուն մէջ խելայեղ փոխադարձ վարկաբեկումի, ամբաստանութիւններու եւ վիրաւորանքներու յորձանուտ մը տեւաբար կը պտըտի, մերթ ընդ մերթ հասնելու համար փողոցային կռուազանութեան ահաւոր մակարդակին:
Ազգային ժողովին մէջ պարզուած ծեծվռտուքի եւ հայհոյանքի այս երեւոյթը մեծ վիրաւորանք է, անշուշտ առաջին հերթին, Հայաստանի քաղաքացիին համար:
Աւելին, պատգամաւորները իրենց ցուցաբերած վարքով, փաստօրէն արհամարած եղան մեր պետականութեան համար այնքան կարեւոր համարուող ժողովրդավարութեան այս կաճառը կառուցելու՝ հայրենի ժողովուրդի անկեղծ եւ յանդուգն ճիգերը: Հայաստանի քաղաքացին քուէարկեց եւ ընտրեց այս նոր խորհրդարանը՝ ակնկալելով հիմնական լուծումներ իր կեանքին, ապրուստին, ապահովութեան, երկրի բարեկարգման եւ զարգացման կապակցութեամբ:
Աս գրութիւնը լաւ է, բայց յստակ չիըսէր որ աս եղածներուն բուն հանցաւորը ո՞վ էր: Ամմէնքնիս ալ տխուր ենք, որ բարլամանին մէջ կռիւ եղաւ, իրարու դէմ շատ գէշ բաներ ըսին, բայց պէտք է հստակ ըսվի եւ ամմէն մարդ պետք է գիտնայ որ սկսողը Բաշինեանը եւ իր խումբին մարդիկն էին: Ժողովին սկսելէն առաջ, ատ տոքթորին նորէն բանտը դրին, ինչո՞ւ, որպէսի ընդդիմադիրները զարկ մը ստանան: Հետոյ, խոշերնին չեկաւ, երբոր մէկը ըսաւ որ Բաշինեանը հող տված է, հայերուն պարտվեցնել տված է եւ չիընդունիր իր հանցանքը: Ըսւածի շատ շիտակ էր. ի՞նչ եղաւ, կնոջը քաշքշեցին եւ դուրս հանեցին, ըսին որ եթէ անգամ մըն ալ ընես, դուն գիտես: Ասկէ աւելի ի՞նչ պիտի ընեն, կամչման գրելու:Հետոյ սկսան պարապ սուտեր նետել բոլոր նախկին նախարարներուն վիզին, խումբով հարցակում ըրին ընդդիմադիրներուն վրան: Մէկը իրաւունք չունի՞ ըսել որ սուտ կը խոսիք կոր, կը վիրաւորեք կոր: Երբ շիտակ բան մը ըսվի, ասոնց մազերը կը տնկվի կոր (մազ չունեցողին ալ), հետոյ ալ կըսեն որ ընդդիմադիրները կրիւ հանեցին, ասանկ են, անանկ են: Աս գրողը պէտք է երկու աչքերը գործածէ եւ իրականութիւնը ըսէ, ցցնէ, որ Բաշինեանը եւ իր մարդիկը քանի՞ բուրսան հանցաւոր են, դիմացինները քանի՞ բուրսան: Երբոր երկուքին նոյն ջուրով կը լվաս, ասի վարպետութիւն չէ, ասի ըսել է որ կամ հաստակ կարծիք չունիս, կամ ալ կուզես կոր ամմէնուն
վերեն նայիս եւ ամմէնուն դատաւորը ըլլաս: Ես մեր աս թերթին ասանկ չեմ տեսած մինչեւ հիմակ:
Revealed daily huge Appropriations by ex big shots, IF we Want to see
Armenia recovered, ALL “Armenia Karabagh Zimzimof Traitor Looter
Committee” (A.K.Z.T.L.C.) BRANDED, Must be DISMANTLED and
JUDGED as Country Sellers and Traitors; nationalized ALL their wealth
on every sector of wealth, inside and specially outside transferring
US$billions. Total Nation accepting these acts, will help CLEAN
poisoned atmosphere to restart Recovery ; 80% outsider Nation could
be strong factor & support, if acts swiftly Organizing “Shadow Government
Representation all countries”, asking, Interpol inquiry from Government for RETURNING
ALL TRANSFERRED WEALTH, from outside Push, Difficult to start from
inside, DUE PERSISTENT GRIP well known to all !. ALL NATION ASKING
WILL WORK.
I agree 100% that all looters must be persecuted and prosecuted, the transferred billions must be returned to Armenia; that is, the tribunals have a tremendous job to do. How about arresting those who have betrayed our people, have negated their promises and are still looting our impoverished motherland through money awards (called barkevavjar) every month? How about arresting and prosecuting the traitor in chief who lead the country into a catastrophic war5 handed vast areas of Artsakh to the Azeries who had not occupied them?!!! Your judgements must be evenhanded and you should not ignore what is happening today while you want to bring to justice all those who have looted our motherland. Pashinian and his company bear much a heavy burden of guilt that those looters!!!