Գէորգ Թորոյեան
Հայրենադարձութիւնը տեւական թեմա է հայաստանեան մեր առօրեային մէջ եւ պիտի շարունակէ մնալ: Երկրի ժողովրդագրական պատկերը բարելաւելու հիմնական միջոցներէն մէկն է: Անկախութենէն յետոյ հայրենադարձներու մէկ մասը, բախելով տարբեր բնոյթի դժուարութիւններու, վերադարձած են իրենց ծննդավայրը, մինչ ուրիշներ կը յաջողին դիմագրաւել տարաբնոյթ արգելքներ եւ յամառօրէն կը մնան: Ճիշդ է, որ հայրենադարձներուն գերակշիռ մասը Միջին Արեւելքէն է, բայց եւ այնպէս քիչ թիւ չեն կազմեր նաեւ ընդհանրապէս Արեւմուտքէն եկողները:
Հայաստան վերադառնալէս քանի մը օր վերջ ընկերոջ մը միջոցով ծանօթացայ աւստրալիահայու մը. հանդիպեցանք իրարու հետ սուրճ խմելու:
Ստեփանը եօթանասունը անց միջահասակ, նիհարակազմ եւ առողջ արտաքինով մարդ մըն է: Բնիկ լիբանանահայ: Հետեւող է առողջ ապրելակերպի: Մեր հանդիպումէն երեք օր յետոյ պիտի վերադառնար Աւստրալիա՝ զաւակներուն քով: Ուսանած է գիւղատնտեսութիւն Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը եւ մինչեւ 1980-1981 ապրած է Լիբանան, ապա մեկնած` Աւստրալիա: Երեք-չորս տարի առաջ եկած է Հայաստան եւ հաստատուած է ազատագրուած տարածքի՝ Արաքսի ափին: Հակառակ իր տարիքին, մեծ եռանդով, երազներով եւ խանդավառութեամբ սկսած է ձեռնարկելու հողամշակութեան, որ իր մասնագիտութիւնն է: Կատարած է աւելի քան 150,000 տոլարի ներդրում: Բերած է ցարդ այդ միջավայրին անծանօթ պտուղներ եւ ծառերու տեսակներ: Իր ծրագիրը եղած է այդ շրջանները օժտել էկզոտիք՝ տարաշխարհիկ բուսականութեամբ եւ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել իր զաւակներուն եւ անոնց ընկերներուն՝ իրենց ընտանիքներով վերաբնակելու համար Արցախի հարաւային մասը: Իբրեւ մասնագէտ կը հաստատէ, որ այդ տարածքներու կլիման եւ հողը առիթը կու տային տարաբնոյթ բուսականութիւն ունենալու եւ դրախտային միջավայր ստեղծելու:
Զինք մտիկ ընելով կը մտածէի, թէ 44օրեայ պատերազմի պարտութեան հետեւանքով ինչպիսի հարստութիւն կորսնցուցած ենք, ոչ միայն իբրեւ տարածք, այլեւ իբրեւ միջավայր: Ստեփանը առանց բառերը ծամծմելու կը քննադատէ Հայաստանի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութիւնը, որոնք 25 տարի «ոչինչ ըրած են» այդ շրջանները զարգացնելու, վերաբնակեցնելու, ամրացնելու եւ պահելու համար: Բազմակողմանի զարգացած մարդ է: Ընկերս զգուշացուցած էր, որ շատախօս է, եւ այդպէս ալ կար, բայց հաճոյքով կը լսէի զինք: Հայաստանը գիւղատնտեսական երկիր է եւ այստեղի թէ՛ ջուրը եւ թէ եղանակը նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծեն յաջող գիւղատնտեսութիւն ունենալու համար: Կը մատնանշէ տեղացիներուն քանի մը վատ սովորութիւններն ու կարգ մը ոչ-յարգալի արտայայտութիւնները, որոնցմէ կ՛ընդվզի: Զրոյցին ընթացքին հարցուցի, թէ կը մտածէ՞ վերադառնալ եւ ինչ որ բան ձեռնարկել այստեղ: Պատասխանը պայմանական էր: Կը պատմէ Պէյրութի իր կեանքէն դրուագներ, Աւստրալիոյ իր առօրեայէն, բայց ամէն անգամ կը վերադառնայ Արցախ: Զգացի որ ոչ միայն սիրած է Արցախի հողը, այլ անբացատրելի կապով մը շաղկապուած է անոր: Արդէն մէկուկէս ժամ անցած էր, ոտքի ելանք իրար ցտեսութիւն մաղթելու եւ ես նախքան հեռանալս անգամ մը եւս կրկնեցի հարցումս եւ ստացայ նոյն պատասխանը. «Եթէ Արցախը ետ առնեն, կը վերադառնամ»:
Ստեփանի հետ հանդիպումէս քանի մը օր ետք հանդիպեցայ լիբանանահայ ընկերոջ մը, որ աւելի քան 15 տարի առաջ հաստատուած է Հայաստան եւ ներկայիս Արամ Խաչատրեան փողոցին վրայ գտնուող նորաբաց «Նոր Քեսապ» ճաշարանի տնօրէնն է: Այցելելով այնտեղ, անակնկալի առջեւ գտայ ես ինծի: Ճաշարանին մէջ տեսայ բարեկամի մը, որ երկար տարիներ չէի տեսած: Անմիջապէս ճանչցանք զիրար եւ ողջագուրուեցանք եւ ան սկսաւ պատմել թէ ինչու եւ ինչպէս եկած-հասած է Հայաստան:
Ճորճը շուրջ 45 տարեկան է: Երկար տարիներ աշխատած է Ծոցի երկիրներ եւ ապա վերադարձած է Լիբանան: Ամուսնացած է եւ ունի երկուորեակ աղջիկներ: Կանխահաս ծնելիութեան պատճառով զաւակները առողջական հարցեր ունին: Լիբանան գտնուած միջոցին դիմած է գրեթէ ամէն տեղ եւ դժբախտաբար, մասնաւորաբար մեր ազգային, եկեղեցական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու դռները փակ եղած են իր առջեւ: 2019ի Հոկտեմբերին, յուսահատած լիբանանեան առօրեայէն եւ հիասթափուած իր ընտանիքին եւ զաւակներուն նկատմամբ եղած վերաբերմունքէն, կը հաստատուի Հայաստան, Լիբանանի տնտեսական գահավիժումը ազդարարող Հոկտեմբեր 17էն մէկ օր առաջ:
Այժմ ան շատ ուրախ է: Վարձած է փոքրիկ բնակարան մը եւ կ՛աշխատի յիշեալ ճաշարանը: Երկուորեակ զաւակներուն առողջական հարցերուն կը հետեւի առողջապահութեան նախարարութիւնը, համապատասխան կազմակերպութիւններու միջոցով: Այս հանգամանքը պատճառն է անոր գոհունակութեան եւ երջանկութեան: Իր պատմածներէն ակներեւ էր, որ հանգրուանած է իր վերջին կայքը եւ Հայաստանը իրեն համար անփոխարինելի է:
Ճորճին Հայաստան հաստատուած ըլլալու փաստը ինծի համար ոչ միայն անակնկալ էր այլեւ զարմանալի եւ ուրախալի: Ան վերջին 10-20 տարիներուն ապրած էր հայկական շրջապատէ հեռու, եւ այդ մէկը զգալի էր անոր խօսակցութեան մէջ, ուր արաբերէն բառերը մեծ տեղ կը գրաւէին: Շատ ուրախ էի ոչ միայն հին ծանօթ մը տեսած ըլլալուս համար, այլ նաեւ որ նոյնիսկ հայութենէ հեռու ապրողներ իրենց վերջնական հանգրուանը կը տեսնեն Հայաստանի մէջ:
Վստահաբար տարբեր գաղութներու մէջ կան բազմաթիւ Ճորճեր, որոնք եթէ վերադառնան հայրենիք, պիտի չուզեն հեռանալ այստեղէն: Անկախ երկիրի տնտեսական-ընկերային դրուածքէն, հայրենի հողի կանչը եւ պատկանելիութեան զգացումը տակաւին ամուր կը մնան հայ մարդուն մէջ, որքան որ ալ ան ուծացման հանգրուանը թեւակոխած ըլլայ: Անհրաժեշտ է այս իմաստով աշխատանք տանիլ թէ՛ պետական եւ թէ անհատական մակարդակի վրայ: Հայաստանը ունի ժողովրդագրական խնդիր եւ պէտք է քաջալերել եւ հնարաւորինս օժանդակել նման անհատներու հայրենադարձութեան համար: Ստեղծել յարմարութիւններ եւ ամէն կերպ սատարել անոնց յաջողութեան, որպէսզի կայանան եւ արմատաւորուին հայրենի հողին վրայ:
Ի վերջոյ, Հայաստանի հզօրացման կարեւորագոյն գրաւականներէն մէկը հայրենադարձութիւնն է:
«Սիվիլնեթ»