ՖՐԵԶՆՕ.- 17 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի դասախօս դոկտ. Սուրէն Մանուկեան պիտի ներկայացնէ բանախօսութիւն մը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրած գլխաւոր դերակատարներուն մասին։
Առցանց քննարկումը կազմակերպուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կողմէ։
Արձանագրուելու համար այցելել կայքէջը։