ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինֆօ».- Ատրպէյճանի ելեւմուտքի նախարարութիւնը հրապարակեց 2022ի պետական ամավարկին նախնական առաջարկը: Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ յաջորդ տարուան ամավարկին մէջ պաշտպանութեան եւ ապահովութեան ծախսերը կը կազմեն ընդհանուր ծախսերու 15.5 տոկոսը կամ 4.5 միլիառ մանաթ (մօտաւորապէս 2.7 միլիառ տոլար):
Յիշեցնենք, որ 2021ի ամավարկին մէջ եւս երկրի պաշտպանութեան եւ ապահովտանգութեան ոլորտի ծախսերը 2.7 միլիառ տոլար էին, ինչ որ 550 միլիոն տոլարով աւելի է, քան 2020ի ամավարկը:
Միւս կողմէ, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան սկսած են զինուորական համագործակցութեան նոր միացեալ նախագիծ մը, որ կը կոչուի «Եղբայրական ջոկատ»:
Խօսքը երկու պետութիւններու զինեալ ուժերու միացեալ գործունէութեան կազմակերպման, մարզումի եւ կառավարման ծրագրաւորման մասին է:
«Երկիր»ը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Փընար Քարա: