ՍԱՔՐԱՄԵԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմը պաշտօնազրկել պահանջող ընտրութիւնները աւարտեցան 14 Սեպտեմբերին եւ նախնական արդիւնքներուն համաձայն, նահանգապետը կրցած է դիւրութեամբ պահպանել իր պաշտօնը, խլելով քուէներուն գրեթէ երկու երրորդը։
Հանրապետականներու առաջադրած այս ընտրութիւնները մօտաւորապէս 275 միլիոն տոլարի վնաս մը պատճառեցին համաճարակ դիմագրաւող նահանգի ամավարկին։
Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, նկատի ունենալով Նիւսըմի հայանպաստ քայլերը՝ զօրակցեցաւ նահանգապետին, կոչ ընելով Քալիֆորնիոյ հայութեան, որ «ոչ» քուէարկէ նահանգապետին պաշտօնազրկումի քուէաթղթիկի հարցումին։