ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 5 Հոկտեմբերին ընդունեց Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿի գործող նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անիքա Սէոտերին:
Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց ԵԱՀԿի դերը` իբրեւ համապարփակ եւ համագործակցային անվտանգութեան հայեցակարգին վրայ հիմնուած տարածաշրջանային կազմակերպութիւն: Այս պարունակին մէջ ան կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան, ԵԱՀԿի գործող նախագահին եւ անոր անձնական ներկայացուցիչին գործունէութիւնը:
44օրեայ պատերազմին պատճառով յառաջացած մարդասիրական հարցերու ծիրին մէջ, յատկապէս լուսարձակի տակ առնուեցաւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիներու շուտափոյթ հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան կարելի է հասնիլ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման միջոցով: