ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանէն Հայաստան վերադարձուեցաւ գերի մը եւս: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի փոխվարչապետ Սուրէն Պապիկեան:
Ան վստահեցուց, որ բոլորին համար յստակ է, թէ ի՛նչ գործունէութիւն կը վարէ Հայաստանի կառավարութիւնը` Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիները վերադարձնելու համար:
«Այս պահին Հայաստան է վերադարձուել Արթուր Բորիսի Դաւիթեանն, ով Արցախի սահմանը անցել է 2021 թուականի Օգոստոսի 22ին: Արդէն Հայաստանում է», նշեց Պապիկեան: