Շաբաթ, 26 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք․ Տէրտէրեան, Սուրբ Գէորգ Քաջամարտիկ Զօրավարի տօնին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, հովուական այցելութիւն տուաւ Կլենտէյլի Ս. Գէորգ Հայց. եկեղեցի:
Սրբազանը եպիսկոպոսական Սուրբ պատարագ մատուցեց եւ իր հոգեշունչ քարոզին ընդմէջէն վեր առաւ օրուան խորհուրդը՝ նշելով, որ անցեալին պատկանող սոսկ իրադարձութիւններ չեն եկեղեցական եւ սրբոց բոլոր տօները, որոնք պէտք չէ նշուին միայն իբրեւ անցեալի յիշատակներ, այլ՝ անոնք կենդանի վկայութիւն են եւ ունին անմիջական ու յատուկ պատգամ մը մեզմէ իւրաքանչիւրին ուղղուած, «ուստի այս նուիրական տօնին օրը Ս. Գէորգ քաջամարտիկ զօրավարը կու գայ մեզի անգամ մը եւս յիշեցնելու եւ սորվեցնելու, որ մեր մարդկային ամբողջ կեանքին ընթացքին ամէնէն նուիրական ճշմարտութիւնը միայն` յանուն Յիսուս Քրիստոսի ապրիլն ու գործելն է»:
Սրբազանը նաեւ իր օրհնութիւնը եւ շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Գէորգ անունը կրողներուն` իրենց անուանակոչութեան օրուան առիթով:
Այնուհետեւ, ան իր ջերմ ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները յղեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զարեհ քհնյ. Մանսուրեանին, եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն, ինչպէս նաեւ հաւատաւոր ժողովուրդին: