ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արցախ կ՛այցելեն Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան անդամները եւ գրասենեակի տնօրէնը, որոնք 8-9 Հոկտեմբերին այցելեցին Ստեփանակերտի, Աշանի եւ Ակնաբերդի մէջ գործող ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզները, «Քերոլայն Քոքս»ի անուան վերականգնողական կեդրոնը, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցան Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ կազմակերպուած համերգին:
«Փափաքեցանք ամբողջական կազմով այցելել եւ ականատես ըլլալ մեր բոլոր ծրագիրներուն, անձամբ օժանդակել, մեր օգնութիւնը տրամադրել մանաւանդ մեր հովանաւորած մանկապարտէզներուն եւ աշակերտներուն», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փոլատեան:
8 Հոկտեմբերին, ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ անոնք հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի (ԿԿ) անդամներուն հետ։ ԿԿի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեան, ողջունելով ՀՕՄականներուն այցելութիւնը՝ կարեւոր նկատեց Արցախի համար դժուար ժամանակներուն միութեան աշխարհասփիւռ կառոյցներուն նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը, Արցախի մէջ տարիներ շարունակ իրականացուող բարեսիրական ծրագիրները:
Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալեոնա Գրիգորեան եւ ՀՕՄի Արցախի միաւորի ատենապետ Լիլիթ Մարտիրոսեան:
Նշենք, որ ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը, նախքան Արցախ այցելելը, հանդիպում ունեցաւ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան հետ, իսկ Երեւան վերադառնալէ ետք այցելեց ծերանոցներ եւ Վիրաւոր զինուորներու վերականգնողական կեդրոնը:
Ըստ Սիլվա Փոլատեանի՝ Շռջանային վարչութեան անդամները յուզուած են, բայց իրենց առաւելագոյնը պիտի ընեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողքին կանգնելու համար: «Մօտէն տեսանք մանուկները, ծանօթացանք տարբեր ընտանիքներու ընկերային պայմաններուն եւ փորձեցինք մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար ըլլալ, ուժ տալ անոնց, որպէսզի շարունակեն պայքարը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Ականտես եղանք Արցախի ժողովուրդին ապրած իրավիճակին, տեսանք, թէ անոնք ի՛նչ մարտահրաւէրներ կը յաղթահարեն, նկատեցինք, որ մեր ըրածը ոչինչ կը համարուի Արցախի ժողովուրդին կարիքներուն հետ բաղդատելով: Համոզուած եմ, որ ամբողջ կազմով այստեղի ժողովուրդին ոգիով ներշնչուած եւ փոխուած պիտի վերադառնանք, մեր կարգին ոգեւորենք Սփիւռքի մեր ընկերուհիները, որպէսզի աւելի զօրաւոր կանգնին Հայաստանի ու Արցախի կողքին: Մենք մղիչ ուժը պէտք է հանդիսանանք, որպէսզի Սփիւռքը աւելի մեծ ուժով միանայ մեր բոլոր ծրագիրներուն»։