Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Մալխաս Ամոյեան դարձաւ աշխարհի ախոյեան:
Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ ընթացող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան 72 քլկ. դասակարգի ոսկէ մետալի համար գօտեմարտին Մալխաս Ամոյեան մրցեցաւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Սերկէյ Գութուզովի հետ: Հայաստանցի ըմբիշը յաղթեց 3-1 արդիւնքով: Նշենք, որ Ամոյեան ծնած է 1999ին, Երեւանի:
Յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան 8 ըմբիշով մասնակցած Հայաստանի հաւաքականը իր պայքարը աւարտեց միայն ոսկի մետալով մը:
Նախապէս, ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի կազմէն աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր դարձած էր 61 քլկ. քաշային Արսէն Յարութիւնեան: