ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ «իմաստ» բառով իմաստալից դարձեր էր ստուգաբանական մեր զրոյցը: Պարզած էինք, թէ այդ բառը ինչպէ՛ս խոր իմաստութիւն մը շնորհած էր մեր լեզուին եւ գրականութեան: Իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, խօսիմ մէկ այլ բառի՝ «զաւակ»ի մասին: Չէ՞ որ ան ծնողքի մը իւրաքանչիւր օրը կը դարձնէ իմաստալից: Շատեր համոզուած են, թէ առանց անոր՝ իմաստազուրկ է կեանքը: Զաւակը ունի մէկ այլ երեւոյթ եւս. ինչպէս Վահրամ Փափազեան գրեց՝ «Զաւակը ինչքան էլ մեծանայ տարիքով, երեխայ է իր մօր համար»: Ուստի, այսօր պատմեմ մեր մայր լեզուի ազնիւ մէկ զաւակին՝ «զաւակ» բառին պատմութիւնը:
Շատ են զաւակի տեսակները: Պարզապէս իջէք փողոց, շուկայ, կամ հրապարակ, փսփսուքներու կամ բամբասանքներու մէջ կը լսէք անոնց մասին ակնարկութիւններ. «Աղքատ ընտանիքի զաւակ», «Հարուստ ընտանիքի զաւակ», «Մեծահարուստի զաւակ», «Որդեգիր զաւակ», «Խորթ զաւակ»…
«Զաւակ» բառի գրական սերմերը դրած ենք Ոսկեդարուն: Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած են զաւակի պատուաբեր տեսակները, ինչպէս՝ «օրհնեալ», «պատուական», «երկայնակեաց», ինչպէս նաեւ՝ «անիծեալ», «անօրէն» եւ «ամպարիշտ» զաւակներ:
Հայոց «զաւակ» բառը ապերախտ չգտնուեցաւ: Ի՜նչ երանելիութիւն ծնողքի մը համար. անիկա եղաւ շնորհալի, պտղաբեր եւ նոյն ժամանակ, կարելի է ըսել՝ «բազմազաւակ»: «Զաւակ» բառէն, դարերու ընթացքին, ծնունդ առին երեսունէ աւելի բաղադրեալ բառեր, ինչպէս՝ «բազմազաւակ» եւ «սակաւազաւակ», «բարեզաւակ» եւ «վատթարազաւակ»: Բայց միշտ չէ, որ մարդը զաւակ կ՛ունենայ: Զաւակէ մը զրկուած ըլլալու ծանրութիւնը ինչպէ՞ս արտայայտէր լեզուն. բառեր կազմելով: Յարգելի ընթերցող, ըստ երեւոյթին մենք շատ ենք տառապած զաւակի մը բացակայութենէն, քանզի նոյնքան շատ են այդ վիճակը նկարագրող հայերէն բառերը, ինչպէս՝ անզաւակ, անզաւակութիւն, անզաւականալ, անզաւակիլ, անզաւակացուցանել, անզաւակունի…:
«Զաւակ»ը հարստութիւն եւ հպարտութիւն բերաւ մեր լեզուին, երբ ստացաւ բազմաթիւ փոխաբերական իմաստներ. երբ յոգնակի է՝ կը նշանակէ սերունդ, յետնորդներ, ինչպէս Ղազարոս Աղայեանը ըսաւ. «Մենք նրա (Նոյ Նահապետի) անբաժան զաւակներ ենք, նրա տան բնակիչները»: Բառս կը նշանակէ նաեւ մարդ, իբրեւ որեւէ վայրի բնակիչ՝ այսինքն բնիկ, կամ իբրեւ որեւէ ժողովուրդի` այսինքն ազգի հարազատ ներկայացուցիչ, օրինակ՝ «Արեւելքի զաւակ», «Հայու զաւակ», «Հայ եկեղեցւոյ զաւակ»…: Այս արտայայտութիւնները նաեւ դարձան քնարական խօսքեր. «Մենք` զաւակներդ, օգոստոսափառ պիտի կերտենք նոր արշալոյս»՝ Դանիէլ Վարուժան, «Յիշենք այն հերոսական ճիգերը, որ գործում էին մեր հասարակ ժողովրդի լաւագոյն զաւակները»՝ Վահան Տէրեան…: «Զաւակ»ը նաեւ այն մարդն է, որ կը կրէ իր միջավայրին կամ ժամանակին բնորոշ գիծեր, ինչպէս՝ «Դարու զաւակ», «Լեռներու զաւակ»: Վերջապէս, «զաւակ»ը արդիւնք է եւ հետեւանք. «Կիրքի զաւակ», «Յամառ աշխատանքի զաւակ»: Արդեօք պատահա՞ծ է, որ դուք ձեր աշկերտին, աշակերտին կամ անծանօթ երիտասարդին փաղաքշական ձեւով դիմած ըլլաք` «զաւա՛կս» ըսելով:
Հայկական միջնադարեան գրականութեան մէջ «զաւակ» բառը յաճախ կը յիշուէր որդեկորոյս տաղասացներու ողբերուն մէջ: Այդ ողբերը կը գովաբանէին զաւակին արտաքին եւ ներքին բարեմասնութիւնները. հայր-տաղասացը կ՛ուզէր աշխարհին պատմել, թէ որքա՛ն աննման էր իր զաւակը: Ձեզի կը ներկայացնեմ քանի մը դժբախտ հօր գրի առած տողիկներ, որոնք վշտահար սրտի հարազատ զաւակներ են. «Չտեսայ հողածին զաւակ քեզ նման»՝ Ղազար Սեբաստացի, «Ո՛վ, այս անուն, դու իմ որդեակ… Քո ծնողաց սիրուն զաւակ»՝ Ստեփանոս Թոխաթցի: Բանաստեղծներ նաեւ գովաբանեցին բարի զաւակը եւ անոր համար գրեցին ներբողներ. Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանը ըսաւ. «Ընտրեալ հանուրց մեծաց եւ պարթեւ ազգի, / Բարի ծնողաց պտուղ եւ զաւակ բարի», Յակոբ Արզրումցին՝ «Զաւակ բարի ծնողաց, արմատ օրհնութեան»: Միջնադարու հայ բանաստեղծը նաեւ խոնարհ պէտք էր որ ըլլար ու յաճախ նուաստացնէր ինքզինք, ինչպէս Թաթոս Թոխաթեցին ըրաւ Աստուծոյ ուղղած իր աղաչանքին մէջ. «Ես մեղաց զաւակ էի»:
1800ներուն հայկական գրատպութիւնը սկսաւ իր առաջին «զաւակ»ները տալու: Գրախանութներու ցուցափեղկերուն մէջ յայտնուեցան գիրքեր, որոնք «Զաւակ» բառը ունէին իրենց շապիկին վրայ: Առաջինը 1838ին լոյս տեսաւ Զմիւռնիոյ մէջ. «Առաջնորդ ծնողաց: Որ կը ցուցընէ թէ ծնողքները ինչ կերպով իրենց զաւակները պիտի կրթեն»: Այնուհետեւ ծնունդ առին այլ հրատարակութիւններ. «Ամուսնական խնդիրներ: Ծնողք եւ զաւակունք», «Կեանքի խորթ զաւակներ», «Կանոնագիր պարտականութիւնք ծնողաց հանդէպ իրենց ուսանող զաւակաց»: Հայ խմբագիրը անտարբեր չմնաց նաեւ իր նահատակուած կամ տարագիր զաւակներուն հանդէպ: 20րդ դարու երկրորդ կիսուն լոյս տեսան հայրենակցական միութիւններու բծախնդիր աշխատանքի զաւակներ, ինչպէս՝ «Վասպուրականը եւ Իր Տարագիր Զաւակները»՝ 1942, «Խարբերդ եւ Իր Զաւակները»՝ 1955, «Մուսա Լերան Զաւակները»՝ 1965: «Զաւակ» բառը նոյն օրերուն հնչեց հայրենասիրական երգերու մէջ, «Տալվորիկի զաւակ եմ», «Ելէ՛ք, ելէ՛ք հայկազունք, / Ելէ՛ք Հայկայ զաւակունք»: Իսկ օր մըն ալ մայրը խօսեցաւ, Արաքս գե՛տն էր ան, վշտահար, սգաւոր. «Քանի որ իմ զաւակունք / Այսպէս կու մնան պանդուխտ՝ / Ինձ միշտ սգուոր կը տեսնէք»…:
«Զաւակ» բառին հետ յաճախ իմաստասիրած մեր օրերու բանաստեղծ է պոլսահայ Զահրատը: Անոր տողերը մենախօսութիւններ են կարծես, իր ներաշխարհի գաղտնիքներու անկեղծ ու պարզ խոստովանանք. «ՀՈՂ.- Ես / Վաղամեռ Մովսէսի որդի – / Հայրդ ըսին / Հողակոյտ մը ցոյց տուին / Հայր – իմ հայրս – հող / Ես / Հողի զաւակ», «ՄԵԾԱՍՔԱՆՉ.- Այս այն լեզուն է, որով զաւակներս կը խօսին / Թէպէտ ես հայր չեմ»:
Կը յիշէ՞ք, 1914ին, նոյն քաղաքին մէջ Վահան Թէքէեանը «Զաւակս» բանաստեղծութեան մէջ դժգոհութիւն յայտնած էր Աստուծոյ, թէ ինք ինչո՛ւ զաւակազուրկ է. «Զաւկի մը շնորհն անգամ, ո՛վ Տէր զլացար / Ինծի ընդ միշտ…». իսկ Սիամանթօն հայկական գիրերու գիւտի 1500ամեակին առիթով խօսած էր մտքի զաւակի մը մասին. «Եւ թոյլ տուր այսօր, ո՜վ Մեսրոպ… / Իբր զաւակ մը մտածումիդ, / Ես ի քե՛զ գամ իմ այս երգս երգելու»:
Ո՞վ է հայու հարազատ զաւակը, որո՞ւն աշխատանքի քրտինքով կը սերմանուի ու կը սրբանայ երկիրը: 19րդ դարու հայ բանաստեղծը չունէր տարակոյս. մշա՛կն էր ան: «ԵՐԿՐԻ ՄՇԱԿՆԵՐ.- Օ՜, ծանր հոգսերի խղճո՛ւկ զաւակներ, / Որքա՜ն համբերող, քաջ է ձեր հոգին»՝ Աղեքսանդր Ծատուրեան, «Մշակներն են իմ գիւղիս, դաշտի հզօր զաւակներ»՝ Դանիէլ Վարուժան: «Հարճը» ստեղծագործութեան մէջ, Վարուժան ներկայացուց մայր հողի մէկ այլ զաւակը՝ սիւնեցիները. «Ճորտերը Սիւնեաց գաւառներուն երկտասան, / Լերան ազատ զաւակներ»: Իսկ Արփիար Արփիարեանը «Կարմիր Ժամուց» վէպակին մէջ նկարագրեց Հայկական լեռնաշխարհէն ծնած հայրենաւանդ զաւակ մը. «Իր հողը հիմակ այլեւս պարզ նիւթ մը չէր իրեն համար. անիկա պատմութիւն մը ունէր. կեանք կը բղխէր անկէ: Հոն Հայկն ու Վարդանը, Յուսիկն ու Ներսէսը ապրած էին. եւ ինքն այդ հողին զաւակն էր, անոնց զաւակն էր»:
Յուսամ այս յօդուածով «զաւակ»ին հանդէպ մենք մեր պարտականութիւնը կատարեցինք: Յաջորդ հանդիպումին, յարգելի ընթերցող, կ՛անդրադառնանք «աւագ»ին ու անոր մեծածաւալ պատմութեան: