ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007ի Յունուար 1էն սկսեալ Հայաստան ներածուող շուրջ 40 ապրանքներ պարտադիր կարգով պէտք է ունենան նաեւ հայերէն պիտակ: Պիտակին վրայ պէտք է նշուի ապրանքի անուանումը, ծագման վայրը՝ քաղաքը, կազմակերպութեան անուանումը, պատրաստութեան ամսաթիւը եւ գործածելիութեան ժամկէտը, ինչպէս նաեւ բաղադրիչներու ցանկը: Միաժամանակ, պէտք է նշուին սննդամթերքի տարբերիչ յատկութիւնները: Մանկական սնունդի պարագային, բացի նշուած պահանջներէն՝ պէտք է տեղեկութիւն ըլլայ նաեւ վերջինիս մանկական սնունդ ըլլալու վերաբերեալ, եթէ օգտագործուած են սննդային յաւելումներ, ապա՝ պէտք է նշուին անոնց դասիչները եւ անուանումները:
Յիշեցնենք նաեւ, որ եթէ որոշուած ապրանքները առանց հայերէն պիտակի ներածուին, ապա անոնք կարելի է պիտակաւորել ներդիրի միջոցով: