Աշխարհի ֆութպոլի ախոյանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Եւրոպայի Ժ. խմբակին, Երկուշաբթի գիշեր կատարեց 8րդ հանգրուանի իր մրցումը, երբ հիւրը եղաւ Ռումանիոյ:
Զտումի մրցումներուն սկիզբը բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրած Հայաստանի կազմը դարձեալ չյաջողեցաւ լաւ արդիւնքի հասնիլ, երբ կրեց այլ պարտութիւն մը` 1-0 արդիւնքով:
Մրցումին միակ կօլը նշանակեց Ալեքսանտրու Միթրիթա` 26րդ վայրկեանին:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Հայաստան դիրք մը եւս նահանջելով` այժմ կօլերու տարբերութեամբ կը գտնուի չորրորդ դիրքին վրայ (12 կէտով):
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Գերմանիա, որ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Մակեդոնիոյ եւ ունի 21 կէտ:
Ռումանիա բարձրացաւ երկրորդ դիրք (13 կէտ), մինչ երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Մակեդոնիա` 12 կէտով: