ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ պիտի քննարկէ նաեւ Արցախի հարցը։
Ըստ Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Իպրահիմ Քալընի՝ 30-31 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք «Քսանի խմբակի» գերաստիճանին ընթացքին ակնկալուող հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին նաեւ Աֆղանիստանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Կովկասեան տարածաշրջանի հարցերը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները՝ քաղաքական, տնտեսական, ուժանիւթային, առեւտուրի, ռազմական, արդիւնաբերութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտներուն մէջ։