ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը Չորեքշաբթի օր հաղորդեց, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Չորեքշաբթի օր ազատ արձակեցին իրանցի երկու վարորդները, որոնք 15 Սեպտեմբերին ապօրինիաբար ձերբակալուած էին Գորիս-Կապան ճամբու Որոտանի հատուածին մէջ, Իրանէն Հայաստան բեռներ փոխադրելու ընթացքին:
Նոյն օրը, վարորդներու հարցը քննուած էր Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Հոսէյն Ամիր Ապտոլահեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին:
Աւելի ուշ, Թեհրան յստակացուց, թէ վարորդները ազատ չեն արձակուած, այլ ազատ արձակուած են երկու այլ իրանցի բանտարկեալներ, որոնք իրենց պատիժին շարունակութիւնը պիտի կրեն իրանի մէջ։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, թէ վարորդները Թեհրանին յանձնելու բանակցութիւնները կը շարունակուին։
Իրանէն Հայաստան բեռներու տարանցիկ փոխադրութիւնը լուրջ լարուածութիւն յառաջացուցած է Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ, որովհետեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները սկսած են տուրքեր գանձել իրանցի վարորդներէն:
27 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կամայականօրէն որոշած էր «միջոցներ ձեռնարկել իրանեան բեռնատարներու Լեռնային Ղարաբաղ մուտքը արգիլելու համար, որովհետեւ անոնց մուտքը կը հակասէ հանրապետութեան օրէնսդրութեան»:
Նշենք, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու վերոյիշեալ զրոյցին ընթացքին, իրանցի նախարարը ընդգծեց, որ Թեհրան կ՛ակնկալէ, որ տարանցիկ բեռնատարներու հարցը արագօրէն լուծուի, իսկ Պայրամով առաջարկեց, որ երկու երկիրներու մաքսաւորները հանդիպին եւ քննարկեն այդ հարցը: