ԹԻՖԼԻՍ, «Ի.Էյ.Տէյլի»․- Երեւան այցելութիւնը «շատ յաջող էր» եւ Վրաստան պիտի շարունակէ միջնորդի գործօն իր դերակատարութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, Պաթումի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսաւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի:
«Ինչպէս գիտէք, իմ նախաձեռնութիւնս է համագործակցութեան սկսիլ շրջանին մէջ եւ ստեղծել նոր հարթակ, որուն ծիրին մէջ, երեք երկիրներ սերտ համագործակցութեան պիտի սկսինք, եւ Վրաստան մեծ դեր կը կատարէ այդ հոլովոյթին մէջ: Մենք արդէն յաջող նախադէպ ստեղծած ենք Յունիսին, երբ իմ անմիջական ջանքերուն շնորհիւ եւ, բնականաբար, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հետ համաձայնութեամբ` յաջողեցանք ազատել գերիները եւ քարտէսներ փոխանցել Ատրպէյճանին: Ես շատ աշխոյժ եմ այս ուղղութեամբ», աւելցուց վարչապետը:
Ըստ անոր՝ Երեւանի մէջ քննարկումներու հիմնական նիւթերէն մէկը «շրջանային ձեւաչափով համագործակցութիւնն էր»: