ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մոսկուայի Տանիլովի վանքին մէջ, Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլի եւ Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ շէյխ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի միջեւ եռակողմ հանդիպումը, որուն ընթացքին Քիրիլ պատրիարքը կողմերուն կոչ ուղղեց՝ յստակ միացեալ պատասխան տալու կրօնը պատերազմին հետ կապելու փորձերուն:
«Մենք այստեղ հաւաքուած ենք՝ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի երկարաժամկէտ տագնապի հարցը», աւելցուց Ռուսիոյ պատրիարքը:
Հանդիպումէն ետք Քիրիլ պատրիարքը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ կրօնական ղեկավարները պատրաստ են, յանուն ներկայ եւ ապագայ սերունդներու բարօրութեան ու բարգաւաճման՝ աջակցելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներու հաշտեցման:
Պատրիարքը նշեց, որ կրօնները բացառիկ խաղաղապահ ներուժ ունին յատկապէս ազգամիջեան յարաբերութիւններուն մէջ: «Այս փուլին որքան ալ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները բարդ ըլլան, մենք կը կարծենք, որ ինքնին Աստուծոյ նկատմամբ հաւատքը եւ սէրը կրնան օգնել բուժելու բազմամեայ ողբերգական դիմակայութեան հասցուցած վէրքերը: Անիկա շատ դժուար ճամբայ է եւ հոգեւոր իմաստութիւն ու խորաթափանցութիւն կը պահանջէ», նշեց ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ պետը:
Ըստ անոր՝ ատրպէյճանցի եւ հայ ժողովուրդները այլ ապագայ չունին, բացի իրարու կողքին գոյակցիլէ:
«Այսօր յատկապէս կարեւոր է, որ վերականգնի իրարու նկատմամբ վստահութիւնը, մարդիկ դարձեալ սորվին դրացին ընկալել յարգանքով եւ օգնութեան հասնելու պատրաստակամութեամբ», նշեց պատրիարքը՝ կոչ ընելով՝ յստակացնելու անհետ կորսուածներու ճակատագիրը, նպաստելու պատերազմական գերիներու ազատ արձակման հոլովոյթին եւ թոյլ չտալու խաղաղ քաղաքացիներու կեանքին սպառնացող զէնքի կիրարկումը:
«Պէտք է ձգտինք խուսափիլ ատելութեան լեզուէն, ձեռնպահ մնալ տագնապի գօտիին մէջ զինուորական գործողութիւններու կոչերէն: Ռուս ուղղափառ եկեղեցին կ՛աղօթէ իր երկու բարեկամ ժողովուրդներու հաշտեցման համար եւ պատրաստ է այսուհետեւ եւս ամէն կերպ աջակցելու, որպէսզի Հարաւային Կովկասի մէջ ամուր եւ արդար խաղաղութիւն հաստատուի», կ՛եզրակացնէ ան:
Նշենք, որ Փաշազատէի հետ ունեցած անջատ հանդիպումէն ետք, Քիրիլ պատրիարքը յայտարարեց. «Քաղաքական գործօնի գերիշխանութիւնը կը բարդացնէ Արցախի տագնապի լուծման բանակցութիւնները»։