ՖՐԵԶՆՕ, «Ֆրեզնօ Պի».- Չորեքշաբթի գիշեր, Ֆրեզնոյի միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը միաձայնութեամբ որոշեց Ռաճըր Թաթարեանի անուով կոչել նախակրթարան մը, ինչ որ կը հանդիսանայ շրջանի հայութեան ի պատիւ կոչուած կրթաշրջանի առաջին վարժարանը։
Յատկանշական է, որ հեղինակ եւ յայտնի հետաքննող լրագրող Մարք Արաքս, որ Ռաճըր Թաթարեանի ուաանողներէն մէկը եղած էր, բացայայտած էր, թէ նախակրթարանի նախկին անունը դրուած էր ի պատիւ հայերու, սպանախօսներու եւ սեւամորթներու դէմ խտրականական քայլերու դիմած ազգայնամոլ տեղացիի մը, այդ պատճառաւ սկսած էր վարժարանը վերանուանելու արշաւը։
Յիշեցնք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող զանգուածային հաղորդակցութիւններու ու լրագրութեան բաժանմունքը եւս անուանուած է ի պատիւ Ռաճըր Թաթարեանի, որ 34 տարի աշխատած է «Եու.Փի.Այ.» լրատու գործակալութեան մէջ, նպաստելով անոր հեղինակնութեան աճին։
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղէն 1938ին շրջանաւարտ դարձած Թաթարեան «Եու.Փի.Այ.»էն հեռանալէն ետք Ֆրեզնօ վերադարձած էր եւ 15 տարի դասաւանդած էր այն համալսարանին մէջ, ուրկէ ստացած էր իր վկայականը, քաղաքական գիտութիւններու ճիւղին մէջ։
Ան արժանացած է շարք մը հեղինակաւոր մրցանակներու։
Թաթարեան մահացաւ 1995ին, 78 տարեկանին։
Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը այս առիթով, շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյի միացեալ կրթաշրջանին՝ յիշեցնելով, որ վարժարանը Ֆրեզնոյի մէջ պիտի հանդիսանայ ամերիկահայու մը ի պատիւ կոչուած առաջին վարժարանը։