ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը 14 Հոկտեմբերին հերքեց Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած երկու ապատեղեկատուութիւններ։
Արդարեւ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տարածուեցաւ «տեղեկութիւն» այն մասին, որ 14 Հոկտեմբերին, ժամը շուրջ 6ին, իբր թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ծառայող մը։ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ այդ լուրը ամբողջութեամբ կեղծ է եւ չի համապատասխաներ իրականութեան:
«Արցախի Հանրապետութեան արեւելեան հատուածում (Նորշէն) նշուած ժամանակահատուածում պաշտպանութեան բանակի դիրքապահ ուժերի կողմից լսուել են թէժ վիճաբանութեան ու ծեծկռտուքի ձայներ, որոնց յաջորդել են կրակոցներ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Ակնկալելով անաչառ հետաքննութիւն՝ Արցախի բանակի հրամանատարութիւնը նաեւ յայտարարեց, որ կը հետեւի ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ խստօրէն կը պահպանէ հրադադարի դրութիւնը։
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ հերքեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը՝ անօդաչու թռչող սարքերու յայտնաբերման ու գրաւման մասին:
«Ադրբեջանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հոկտեմբերի 14ին հերթական ապատեղեկատուութիւնն է տարածել առ այն, որ իբր ադրբեջանական զինուած ուժերի ստորաբաժանումների կողմից յայտնաբերուել ու առգրաւուել է հետախուզական թռիչքներ իրականացնող եւ պաշտպանութեան բանակին պատկանող անօդաչու թռչող սարք: Պաշտօնապէս յայտարարում ենք , որ նշուածը ապատեղեկատուութիւն է եւ որեւէ առնչութիւն չունի իրականութեան հետ», յայտնեց Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։