ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ), անդրադառնալով 14 Հոկտեմբերի գիշերը Արցախի սահմաններուն վրայ արձանագրուած միջադէպին եւ 6 հայ զինուորներու վիրաւորուելուն՝ յայտնեց, որ ատրպէյճանական կողմը Հոկտեմբեր 2021ի սկիզբներէն միտումնաւոր կերպով կը խախտէ 9 Նոյեմբեր 2020ին Հայաստանի վարչապետին, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը եւ արցախեան-ատրպէյճանական շփման զանազան հատուածներու մէջ կը կատարէ սադրիչ գործողութիւններ:
ԱԱԾն կը նշէ, որ այս ընթացքը սկսաւ Մարտակերտ քաղաքին մէջ խաղաղ բնակիչի մը սպանութեամբ եւ շարունակուեցաւ շփման գիծի զանազան հատուածներու մէջ:
«Եթէ նախկինում կրակոցները յաճախ կրել են նախազգուշական նպատակ եւ ուղղուած չէին հայ զինծառայողներին, ապա վերջին օրերին կտրուկ փոփոխուել է կրակոցի ուղղութիւնը` որպէս թիրախ ընտրելով արդէն մարդկային կեանքերը: Երէկ Մարտունու շրջանի Նոր շէն համայնքի հարեւանութեամբ տեղակայուած ադրբեջանական դիրքից թիրախային գնդակոծութեան է ենթարկուել նոյն գիւղի խաղաղ բնակչութեանը պաշտպանելու նպատակով դրա մօտակայքում տեղակայուած հայկական դիրքը: Դիմահար կրակոցներն արձակուել են այն աստիճան բացայայտ, որ դրանք արձանագրուել են հայկական կողմում տեղադրուած տեսախցիկների կողմից», կ՛ըսուի ԱԱԾի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Կը շեշտուի, որ, հակառակ հակառակորդին սադրիչ գործողութիւններուն, հայկական կողմը հաւատարիմ է բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան եւ որեւէ վտանգ չի ներկայացներ ատրպէյճանցի զինուորականներուն:
Այս մասին ահազանգեց նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ նշելով, որ Ատրպէյճան նպատակ ունի ճնշման ու ահաբեկման միջոցով հասնիլ Արցախի հայաթափման.
«Վերջին օրերին Ադրբեջանի կողմից կրկին փորձ է արւում արհեստականօրէն լարել իրավիճակը տարածաշրջանում, ընդ որում, դա տեղի է ունենում բարձր մակարդակի հանդիպումներին զուգահեռ: Ադրբեջանն ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) գործողութիւններով նպատակ ունի ճնշման ու ահաբեկման միջոցով հասնել Արցախի հայաթափմանը: Այսպիսի քաղաքականութիւնը նաեւ հարուած է Ռուսաստանին եւ ռուս խաղաղապահ առաքելութեանը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը կ՛որակէ՝ իբրեւ ահաբեկչութիւն եւ ապակառուցողական դիրքորոշման դրսեւորում, եւ թէ նման քայլերով Արցախը չեն կրնար վախցնել: «Արցախահայութիւնը հաստատակամ է ապրել իր պատմական հայրենիքում, պաշտպանել իր ինքնիշխանութիւնն ու արժանապատուութիւնը», կը հաստատէ նախարարութիւնը։