ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 15 Հոկտեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 3ի շուրջ, կրակ բացին Հայաստանի Հանրապետութեան Արարատի մարզի, մասնաւորապէս Երասխ գիւղի, եւ այդ հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ այդ պատճառով հրկիզուեցան գիւղի բնակիչներէն մէկուն գոմը եւ խոտի դէզերը: Տուժողներ չկան։