ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանէն Հայաստան վերադարձուեցան Հայաստանի հինգ քաղաքացիներ: Գերիներու վերադարձը կատարուեցաւ Ռուսիոյ հարաւային ռազմական ջոկատի փոխհրամանատար, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի նախկին հրամանատար, զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ:
Վերադարձուած քաղաքացիներն են` Ամբարդանեան Մելս Կարապետի, Կարապետեան Ռաֆիկ Ռոբերտի, Մանուկեան Ժորա Վանոյի, Մանուկեան Յովսէփ Ռոբերտի եւ Սողոմոնեան Սեդրակ Սամուէլի:
Այսպիսով, Ատրպէյճանէն վերադարձած գերիներուն թիւը կը հասնի 113ի` զինուորներ եւ քաղաքացիներ: Ըստ հայկական կողմին ոչ-պաշտօնական տուեալներուն` այսօր Պաքուի բանտերուն մէջ տակաւին կան տասնեակ մը հայ գերիներ: Պաքու բազմաթիւ անգամներ յայտարարած է, թէ վերադարձուցած են բոլոր գերիները` ատրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող քաղաքացիները անուանելով «ահաբեկիչներ»: