Պոլսահայ բանաստեղծ Կարպիս Ճանճիկեանի փունջ մը գործերը արտասանուած եւ նկարահանուած են հայ գրականութեան սիրահարներուն համար: «Իր Տողերով. Կենսագրականը Կարպիս Ճանճիկեանի» վերնագրեալ տեսերիզին համար բանաստեղծութիւնները արտասանած է Եղիա Ագկիւն, իսկ արտադրողն է՝ «Նռան Յոյսը» գեղարուեստական նախագծի հեղինակ Սեւան Աթաօղլու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.