Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս Զուպուեանի, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Սուրիոյ Պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինին, Կիրակի, 17 Հոկտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ պատանեկան «Մեղրի» երգչախումբի համերգը, «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ արաւել քան քան 70 պատանիներու:
Անոնք ներկայացուցին ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգեր: