ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Նիւ Եորք Թայմզ»․- Վերջերս յայտնաբերուեցաւ ամերիկահայ աշխարհահռչակ նկարիչ Արշիլ Կորքիի (1904-1948) ստեղծագործութիւնը՝ անոր մէկ այլ գործին ետեւը:
Նոր յայտնաբերուած ստեղծագործութիւնը Նոյեմբերին պիտի ցուցադրուի Նիւ Եորքի Hauser & Wirth ցուցադրասրահին մէջ:
Նորայայտ գործը, որ Կորքիի հիմնարկին կողմէ մկրտուած է «Ավերնագիր (Վըրճինիայի Ամառ)», «պահուըտած» էր 1947ին նկարուած «Սահմանը» ստեղծագործութեան կռնակը, որ Կորքիի լաւագոյն գործերէն մէկը կը նկատուի եւ տասնամեակներով ցուցադրուած է Միացեալ Նահանգներու Արուեստի Ազգային ցուցադրասրահին, Ֆիլատելֆիոյ Արուեստի թանգարանին եւ այլ ցուցադրասրահներու մէջ։