Բագրատ Էսդուգեան
Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգին վրայ թէեւ պաշտօնապէս ոչ մէկ ազդանշան գոյութիւն ունի, բայց երկիրը մատնուած է նախընտրական յատուկ քաղաքական տրամադրութիւններու։ Այդ իսկ պատճառաւ, ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ յաճախ կը շրջին երկրի զանազան քաղաքները եւ կը փորձեն ժողովուրդի դժգոհութիւնները օրակարգի բերել։ Տնտեսական ճգնաժամի առկայութեան մէջ թէ՛ սղաճը եւ թէ գործազրկութիւնը կը շարունակեն համատարած դժգոհութեան գլխաւոր գործօնները հանդիսանալ։
Միւս կողմէ իշխանութիւնն ալ ընդդիմութեան այս գործընթացին դէմ կը տանի բոլորովին տարբեր ռազմավարութիւն մը ու կը փորձէ ներկայ դժուարութիւններու մեղքը փաթթել ընդդիմադիրներու գլխին։ Բնականաբար հասարակութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան համար համոզիչ չի թուիր այս վարկածը, բայց պէտք է յիշել, որ այդ անտրամաբանական պնդումն ալ ունի իր յաճախորդը, որն է բոլոր պայմաններու մէջ Էրտողանի եւ անոր քաղաքականութիւններուն հաւատարիմ մնացած խաւ մը։ Արդէն յայտնի է, որ Նախագահ Էրտողան ալ կը փորձէ այդ խաւի հաւատարմութիւնը ամրապնդել։
Այս պայմաններու տակ վերստին այժմէականութիւն կը ստանան հասարակութեան կամքը ուսումնասիրող հարցախոյզները։ Անոնց տուեալներուն համաձայն, մինչեւ մօտ օրերս Էրտողանի իշխանութիւնը կը կորսնցնէր իր վարկանիշները եւ սակայն չէր բարձրանար ընդդիմադիրներու ստացած զօրակցութիւնը։ Իսկ վերջերս այդ գետնի վրայ ալ կարեւոր փոփոխութիւններ կ՛արձանագրուին եւ ընդդիմադիրներն ալ կը բարձրացնեն իրենց վիճակած ձայները։
Այս բոլորը պատճառ կը դառնան երկրէն ներս տիրող լարուածութեան աճին։ Այդ իսկ պատճառաւ, առաջին հերթին Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Քըլըճտարօղլու մտահոգութիւն յայտնեց քաղաքական բնոյթով մահափորձներու հաւանականութեան մասին։ Ընդդիմադիր միւս կուսակցութիւններն ալ ձայնակցեցան այդ մտահոգութեան, յատկապէս հիմք ունենալով անցեալները ընդդիմադիր կուսակցապետ Մերալ Աքշեներին վրայ յարձակումէն ետք նախագահ Էրտողանի արտասանած այս խօսքը. «Դեռ ասոնք լաւ օրերդ են, տե՛ս տակաւին ինչեր պիտի պատահին»։
Արդարեւ նախագահ Էրտողան Սուրիոյ մէջ երկու թուրք ոստիկաններու սպանութեան նիւթին անդրադառնալով յայտարարեց, թէ այլեւս յորդած է համբերութեան բաժակը եւ իրենք ստիպուած են արժանի պատասխանով փոխադարձելու, եթէ ստացուի, Սուրիոյ մէջ խարսխած դաշնակիցներուն օգնութեամբ, ապա թէ ոչ՝ սեփական միջոցներու գործադրութեամբ։
Արդէն զօրաշարժ մը սկսած է դէպի Սուրիա ու բազմաթիւ հրասայլեր մեկնելով Իսքենտերունի ռազմական խարիսխներէն ուղղուած են հարեւան երկրի հիւսիսային հատուածները։
Միջազգային դիտորդներ այս ռազմավարութիւնն ալ կը գնահատեն մօտալուտ ընտրութեան մը հաւանականութեան սահմաններուն մէջ, աւելի ճիշդ՝ ընտրութենէ խուսափելու եւ հասարակութեան ուշադրութիւնը ուրիշ կէտեր շեղելու փորձ մը ըլլալով։
Այս ընդհանուր պատկերին մէջ հետզհետէ կը յստականայ այն իրողութիւնը, ըստ որուն Թուրքիա մօտ ապագային հետզհետէ ալ աւելի կը մխրճուի անկանխատեսելի ու խիստ վտանգաւոր դրութեան մը մէջ։