ՎԱՀԷ (ՎԱՀԻԿ) ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
(Ծենալ՝ 31 Մարտ 1930ին, Պարսկաստան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Վահէ Խաչատրեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2021ին, «Alzheimer’s» հիւանդութեան բարդութիւններու հետեւանքով։
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուին Երեքշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2021ին, կէսօրէն ետք ժամը 12։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Զարեհ Խաչատրեան եւ տոքթ. Արփի Չալեան եւ դուստրերը՝ Սիրան եւ Գայանէ
Զաւակը՝ Արա Խաչատրեան
Եղբայրը՝ Վաչիկ եւ Լուսի Խաչատրեան (Պոսթըն)
Եղբօր զաւակը՝ Արմէն եւ Բելլա Խաչատրեան եւ դուստրերը՝ Նայիրի եւ Անի
Եղբօր դուստրը՝ Ռուզան եւ տոքթ. Սեւակ Աբրահամեան եւ զաւակները՝ Էմին եւ Մարալ
Քենին՝ Անահիտ Մարուխեան եւ ընտանիք (Հայաստան եւ Յունաստան)
Խնամին՝ Զարեհ եւ Անի Չալեան եւ ընտանիք
Եւ համայն Խաչատրեան, Տէր Սարգսեան, Մարուխեան, Էրչենեան, Չալեան, Աղազարեան, Բաբայեան, Շահվերդեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել «Ասպարէզ»ին (Armenian Media Network, 1203 N. Vermont Ave., Los Angeles, CA 90029) կամ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին (ANCA Western Region, 104 N. Belmont Ave., Suite 200, Glendale, CA 91206)։
ՎԱՀԷ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմը եւ պաշտօնէութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ «Ասպարէզ»ի խմբագիր Արա Խաչատրեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՎԱՀԷ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակին՝ «Ասպարէզ»ի խմբագիր Արա Խաչատրեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՎԱՀԷ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակին՝ «Ասպարէզ»ի խմբագիր Արա Խաչատրեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՎԱՀԷ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ իրենց ընկերներէն Արա Խաչատրեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՎԱՀԷ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակներուն՝ իրենց ընկերներէն Զարեհ Խաչատրեանին եւ «Ասպարէզ»ի խմբագիր Արա Խաչատրեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՎԱՀԷ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՎԱՀԷ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, We Are Gyumri-ի տնօրէնութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակին՝ «Ասպարէզ»ի խմբագիր Արա Խաչատրեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։