Պուտվայի մէջ (Մոնթենեկրօ) իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Հենրիկ Սահակեան ոսկի մետալի տիրացաւ, կը տեղեկացնէ Հայաստանի կռփամարտի դաշնակցութիւնը:
Սահակեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, 51 քլկ․ դասակարգի մրցումներուն աւարտական հանգրուանի ճակատումին յաղթելով Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Ռուսլան Փիրովին:
Երիտասարդուհիներու 60 քլկ․ դասակարգին մէջ, Էլիդա Քոչարեան Հայաստանի համար ապահովեց արծաթ մետալ մը, երբ աւարտականին պարտութիւն մը կրեց իր ռուս մրցակիցէն: