ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա։ Նախագահի աշխատակազմը լուրը հաղորդելով` նշեց, որ 26 Հոկտեմբեր 2021ը առանձնայատուկ էջ պիտի դառնայ հայ-արաբական եւ մասնաւորապէս Հայաստանի Հանրապետութիւն-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ:
Արդարեւ, Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան լոյսին տակ, Հայաստանէն ոչ մէկ բարձրաստիճան անձնաւորութիւն այցելած էր Սէուտական Արաբիա, իսկ Հայաստանի նախագահը այսպիսով կատարեց պատմական քայլ` առաջին անգամ այցելելով արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ բացառիկ դեր եւ նշանակութիւն ունեցող այդ պետութիւնը։
Ըստ աղբիւրին` Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաքի օդակայանին մէջ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան դիմաւորուեցաւ պետական բարձրագոյն մակարդակով` ի դէմս երկրի արտաքին գործոց նախարար Ապէլ ալ Ժուպէյրի, իսկ պաշտօնական արարողակարգին համաձայն` օդակայանին մէջ բարձրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշը: