ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Սէուտական Արաբիա տուած կարեւոր այցելութենէն ետք աշխատանքային կարճատեւ այցելութիւն կատարեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Ապու Տապիի օդակայանին մէջ ան դիմաւորուեցաւ պետական նախարար, հայ-էմիրաթական միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահ Ահմատ Ալի Ալ Սայեղի կողմէ։
Մինչ այդ, Սէուտական Արաբիոյ մէջ Հայաստանի նախագահը մասնակցեցաւ «Ապագայ ներդրումային նախաձեռնութեան» (Future investment initiative) 5րդ համաժողին:
Համաժողովին մասնակցեցան բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ, կառավարութիւններու անդամներ, յայտնի անդրազգային եւ համաշխարհային մեծ ընկերութիւններու ղեկավարներ ու գործարարներ:
Նախագահ Սարգսեան Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Մուհամետ Պին Սալմանի հետ ներկայ եղաւ համաժողովի բացման արարողութեան: Անոնք զրուցեցին երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու անհրաժեշտութեան եւ անոնց ապագային մասին:
Նշուեցաւ, որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ պատմական հարուստ առնչութիւնները լաւ հիմք են ապագային միտուած միջպետական յարաբերութիւններ կառուցելու։