Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը կամքէ անկախ որոշ ուշացումով, այս տարուան իր 49րդ նստաշրջանը գումարեց Ուրբաթ, 29 Հոկտեմբերին, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, ներկայութեամբ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր ծուխերու Ազգային երեսփոխաններու, հոգեւորականաց դասուն, հոգաբարձութիւններու ներկայացուցիչներու, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, Ազգային վարժարաններու տնօրէններու, մանկամսուր-մանկապարտէզներու վարիչներու եւ CASPS-ի ներկայացուցիչին: Ժողովին հիւրընկալն էր Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը: Ժողովին յաջորդեց տօնախմբութիւն-ընթրիք՝ ի պատիւ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի առաջնորդ ընտրութեան առաջին տարեդարձին:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ, ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ԵՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ազգային երեսփոխանական ժողովի առաւօտեան, սրբազան հայրը նոյն վայրին մէջ նախագահեց Ազգային վարչութեան, շրջաններու հոգեւոր հայրերու եւ հոգաբարձութիւններու ատենապետներու հաւաքին: Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հայրը՝ կատարելու բացման աղօթքը եւ փոխանցէ իր սրտի խօսքը: Թորգոմ եպս.ը բացման աղօթքը կատարելէ ետք բացատրեց, թէ Եկեղեցին ինչպէս ստեղծուեցաւ աշխարհի վրայ իբրեւ կառոյց, ապա մատնանշեց Հայ եկեղեցւոյ դերը՝ հայոց պետականութեան եւ ազգի գոյութենական երթին մէջ: Վեր առնելով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայութեան կարեւորութիւնը սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ՝ ան հաստատեց, որ մեր առաջնորդարանները կը կոչուին Ազգային, որովհետեւ մեր առաջնորդարանը ազգին տունն է եւ կը պատկանի ազգին:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ սրտբաց զրոյց: Շրջաններու ներկայացուցիչները անդրադարձան իրենց ծուխերու մտահոգութիւններու, դժուարութիւններու, տարուող ներկայ աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն: Ընդգծուեցաւ, որ արդիական եւ անմիջական ձեւերով պէտք է նոր թափ տալ երիտասարդութիւնը Հայ եկեղեցւոյ մօտեցնելու, զայն պատասխանատուութեամբ լսելու, անոր հարցումներուն ճիշդ պատասխաններ տալու կարեւոր գործին, որպէսզի կարելի ըլլայ երիտասարդութեան հոգեւոր կարիքները բաւարարել եւ զայն իբրեւ թարմ ուժ ու նորոգման աւիւն Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ աւելի եւս ներկայութիւն դարձնել՝ երիտասարդներուն վստահելով նոր պատասխանատուութիւններ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՈՒՄ ԵՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
Կէսօրէն ետք ժամը 2ին սկիզբ առաւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի 49րդ նստաշրջանի Ա. նիստը, որուն օրակարգի կէտերը իրարու ետեւէ լուծուեցան մինչեւ ժամը 4:30: Ողջոյնի եւ բացման աղօթքէն ետք, առաջնորդին հրաւէրով, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան ընթերցեց Ազգային երեսփոխանական 49րդ ժողովին ուղղուած՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքն ու պատգամը: Վեհափառ հայրապետը կը թելադրէր վերակազմակերպել թեմի բոլոր բնագաւառները եւ անոնց աշխատանքները, համախմբուիլ առաջնորդին շուրջ եւ զօրավիգ դառնալ թեմի բարեզարդման գործին, նոր մղում տալ քրիստոնէական դաստիարակութեան նպաստող ծրագիրներու, յանձնառութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը շատցնել հայ երիտասարդութեան մօտ, հայ աշակերտը դարձնել ուշադրութեան կիզակէտ եւ շարունակել աջակցիլ լիբանանահայութեան վերականգնման եւ վերաշխուժացման աշխատանքներուն:
Այնուհետեւ կազմուեցաւ ժողովի դիւանը. ատենապետներ ընտրուեցան՝ Կարապետ Մոմճեան եւ Կարապետ Գամարեան, ատենադպիրներ՝ Սմբատ վրդ. Սապունճեան եւ Մինաս Արիսեան, ապա իրարու ետեւէ խօսք առին Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ հիւրընկալ շրջանի հոգաբարձութեան ատենապետ Յակոբ Ետալեան:
ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ
Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի առաջնորդական խօսքը հիւսուած էր 2020-2021 տարեշրջանի Ազգային առաջնորդարանի միամեայ գործունէութեան հաշուետուութեան սկզբունքով: Ողջունելէ ետք ժողովն ու ներկաները, սրբազան հայրը անդրադարձաւ համաշխարհային մակարդակի աղէտալի համաճարակին եւ անոր հետեւանքներուն՝ ըսելով. «Իւրաքանչիւրիս ծանօթ է, որ անցնող աւելի քան մէկ տարուան ընթացքին, աշխարհի վրայ եւ մեր կեանքէն ներս ստեղծուեցան աննախընթաց եւ անհաշիւ բարդութիւններ՝ ի հետեւանք «Քորոնա» ժահրի համաճարակին, որուն պատճառով ամիսներ շարունակ փակ մնացին մեր եկեղեցիներն ու աղօթքի տուները, մեր դպրոցները գրեթէ ամբողջ տարեշրջան մը գտնուեցան լուրջ դժուարութիւններու առջեւ, իսկ մեր աշակերտները պարտաւորուեցան իրենց տուներէն հետեւելու դասընթացքներուն: Մէկ խօսքով՝ մեր ազգային ու գաղութային կեանքը դատապարտուեցաւ ժամանակաւոր ամլացման, ապա, հետզհետէ, երկրին պարտադրած նախազգուշական կանոններուն հիմամբ, մասնակի վերադարձ կատարուեցաւ դէպի բնականոն կեանք, որ մինչեւ այս վայրկեանը թէեւ չէ գտած իր սովորական հունը, բայց, կը հաւատանք, որ Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի հասնինք հոն»:
Շարունակելով իր խօսքը, առաջնորդը ակնարկեց նաեւ համազգային մակարդակի վրայ արցախեան պատերազմի պատճառած մեծ ցաւին՝ նշելով. «Այսօր, համայն հայ ժողովուրդը խորապէս կ՛ափսոսայ հայրենի եզերքի քանի մը սերունդի մեծաթիւ նուիրեալներու նահատակութեան եւ հայ զինուորներու գերութեան համար, սրբազան մեր հողերու կորուստին ու մանաւանդ մեր հոգեւոր, ազգային ու մշակութային կառոյցներու՝ թշնամի ուժերու կողմէ բռնագրաւման, խոշտանգման եւ քանդման ի տես: Այս պահուն շատ ծանր է մեզի ըսել, որ երէկուան շէնշող Արցախի փոխարէն այսօր մեր ձեռքին միայն ունինք շատ փոքր տարածք, որուն վրայ ապրող հայ բնակիչները՝ մեր քոյրերն ու եղբայրները, ներկայիս կը գտնուին ապահովական եւ տնտեսական խիստ դժնդակ պայմաններու մէջ, որովհետեւ անոնք գաղթական են իրե՛նց իսկ հողին վրայ եւ առաջնագոյն կարիքաւորներն են մեր իսկ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Արցախ, որուն պէտք է առաւելագոյնս օգնել հոգեւոր, բարոյական, եւ նիւթական բոլոր կալուածներէ ներս»:
Իր պատգամին մէջ անդրադառնալով նաեւ լիբանանահայութեան անելանելի վիճակին, առաջնորդը յարեց. «Համահայկական ճակատի վրայ պարզուած ծանրակշիռ այս վիճակին եթէ աւելցնենք Հայաստանի ներքին կեանքի անկայուն պատկերը, ազգային ու քաղաքական անորոշ կացութիւնը եւ կովկասեան տարածաշրջանի խարխափումները, ինչպէս նաեւ՝ անցեալ 4 Օգոստոսին, Լիբանանի մէջ նաւահանգիստի պայթումն ու անկէ կարճ ժամանակ ետք, մեզմէ շատերու ծննդավայրին՝ Լիբանանի տնտեսութեան ամբողջական փլուզումը, որուն հետեւանքով նաեւ համատարած աղքատութեան եզրին յայտնուեցաւ ամբողջ ժողովուրդը, մինչ մեր ածուն՝ լիբանանահայութիւնը, իր հոգեւոր, ազգային, մշակութային, ընկերային ու մարդասիրական կառոյցներով, ինչպէս նաեւ անհատական եւ հաւաքական կեանքով, տակաւին դէմ յանդիման կը գտնուի խոր ու անլոյծ ճգնաժամի մը, հետեւաբար, անվարան կրնանք ըսել, որ մեր ժողովուրդը՝ հայրենիք ու հայութիւն, երբեք այսպիսի անելանելի, ծանր ու դաժան կացութեան առաջ չէր կանգնած՝ գէթ վերջին հարիւր տարուան ընթացքին»:
Եւ, վերջապէս, Թորգոմ եպս.ը ցաւով նշեց Միացեալ Նահանգներու այս շրջանի հայութեան կեանքին մէջ կարգ մը տարակարծութիւններ եւ անհանդուրժողական կեցուածքներ՝ դիտել տալով հետեւեալը. «Յիշեալ ցնցումներուն կու գան միանալու Ամերիկայի այս ափին վրայ հաստատուած հայկական գաղութային մեր կեանքին մէջ առկայ կարգ մը դժուարութիւններ, որոնց բոլորին հանրագումարը կը կազմէ համահայկական, ազգային, բարդ ու աննախընթաց տագնապներով լեցուն մեր ներկան՝ իր բազմապիսի երեսներով եւ բազում հարցերով: Հայկական իրականութիւնը յուզող այս խնդիրներուն առիթով մենք միշտ եղանք աղօթող ու միշտ բարին ցանկացող, այլեւ մեր մարդկային կարողութիւններով միշտ փորձեցինք հնարաւորինս համերաշխութեան ու սիրով լեցուն պատգամներ ու գործեր ցոյց տալ, որպէսզի մարդկային մեր կարելիութեանց սահմաններուն ներած չափով սփոփէինք մեր ժողովուրդի զաւակները, օժանդակութեան ձեռք երկարէինք հայ Արցախին ու Լիբանանի հայութեան եւ աստուածային սիրոյ ու եղբայրութեան դրօշ պարզէինք գաղութային տագնապներու դիմաց»: Այնուհետեւ, խօսքը ուղղելով ժողովականներուն՝ սրբազանը ձեռք-ձեռքի եւ սիրտ-սրտի աշխատելու կոչ ուղղեց բոլորին:
49ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻ Ա. ՆԻՍՏ
Առաջնորդին ոգեշունչ պատգամէն ետք, սկիզբ առաւ Ա. նիստը: Յաջորդաբար կատարուեցան Բանաձեւի եւ Քուէախոյզ յանձնախումբերու ընտրութիւններ, ապա, Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան Ժողովին ներկայացուց Ազգային առաջնորդարանի հաշուական տարեկան տեղեկագիրը, իսկ գանձապահ Գալուստ Ակոբեան՝ Ազգային վարչութեան հաշուական լրացուցիչ տեղեկագիրը: Յստակացաւ, որ նախորդ տարուան ամավարկի հսկայական պարտքը փակուած է, առաջնորդին եւ Ազգային վարչութեան ջանքերուն շնորհիւ: Այս հաստատումը արժանացաւ ժողովականներու բուռն ծափահարութեան, իսկ Ազգային վարժարաններու Կանոնագրութեան բարեփոխման առաջարկներու քննութիւնը, յետ խորհրդակցութեան, յետաձգուեցաւ յառաջիկայ տարուան:
Դիւանին կողմէ Հաշուեքննիչ յանձնախումբի տեղեկագիրի ընթերցումէն ետք, ժողովը կատարեց առաջնորդի, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան միամեայ գործունէութեան ըստ էութեան քննարկումը: Օրակարգի այս կէտով բարձրօրէն գնահատուեցան դժուարագոյն պայմաններու տակ առաջնորդ սրբազան հօր միամեայ գործունէութեան տարողութիւնը, անոր ներկայութեան շնորհիւ Արեւմտեան թեմի կեանքին մէջ յառաջացած դրական մթնոլորտն ու արձանագրուած նուաճումները: Հոգեւոր հայրերու վկայութեամբ՝ սրբազան հօր քանի մը օրեայ հովուական այցելութիւնները՝ մանաւանդ հեռաւոր ծուխեր, տուին իրենց բարերար պտուղը յատկապէ՛ս տեղւոյն երիտասարդութիւնը Հայ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու առումով: Իբրեւ գնահատելի աշխատանք ընդգծուեցան նաեւ հեռատեսիլային ծրագիրներու մէջ արձանագրուած բարեփոխումները, քարոզչական մեքենան հզօրացներու միտումը եւ «Կիլիկիա» պաշտօնաթերթի հիմնումը:
Սրահին մէջ բարձրօրէն հնչեց՝ հոգեւոր իր եղբայրներուն նկատմամբ տածած սիրոյն ու անոնց զօրավիգ կանգնելու առաջնորդին հայրական վերաբերումը, այլեւ, գաղութի սահմաններէն դուրս, մինչեւ իսկ համայն հայութեան օգնութեան ձեռք երկարելու անոր անսակարկ ճիգը, որ իր պատկերաւոր արտայայտութիւնը գտաւ՝ «արծիւի մը պէս, որուն երկու թեւերը կը կազմեն Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը» խօսքին մէջ, որ իբրեւ գնահատանք արտաբերեց ժողովին մասնակից երեսփոխան մը:
Քննարկման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ծխական որոշ շրջաններու մէջ տիրող մթնոլորտին, կազմակերպական եւ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերու: Ըստ կարելւոյն պատասխանուեցան ժողովականներու հարցումները, անհրաժեշտ լուսաբանութիւններով: Լսելէ ետք ժողովականներու մտահոգութիւնները, առաջնորդը կոչ ուղղեց՝ իրարու նկատմամբ սէր ու յարգանք ցուցաբերելու, շրջաններու մէջ հանդուրժողականութիւն տարածելու, միմեանց նկատմամբ եղբայրական ու զօրակցական վերաբերում ունենալու, «որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել հայ կեանքի առաւել ծաղկումը եւ բարգաւաճումը թէ՛ Արեւմտեան Թեմին մէջ, թէ՛ համայն հայութեան կեանքին մէջ»:
Բ. ՆԻՍՏ
Ճաշի դադարէն ետք տեղի ունեցաւ Բ. նիստը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ եւ միաձայնութեամբ քուէարկուեցաւ Բանաձեւի յանձնախումբի գիրը, որուն մէջ «Յոյժ գնահատելի» կը նկատուէր սրբազան հօր, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անցեալ տարեշրջանի գործունէութիւնը: Յաջորդական օրակարգերով ժողովը նաեւ քննութեան առարկայ դարձուց յառաջիկայ տարուան գործունէութեան ծրագիրի մշակման ի նպաստ շրջաններէ եկած առաջարկները: Որոշուեցաւ, որ Ազգային երեսփոխանական ժողովի 50րդ նստաշրջանը տեղի ունենայ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Ժողովը նաեւ քննեց յառաջիկայ տարեշրջանի նախահաշիւը եւ վաւերացուց զայն, իսկ Հաշուեքննիչ նոր յանձնախումբի անդամ ընտրեց Յակոբ Ետալեանը, Օհան Ֆիլհաննէսեանի եւ Կարէն Բենեասեանցի կողքին:
Ժողովի աւարտին, դիւանը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ բոլորին մաղթեց յաջողութիւն, ապա խօսքը փոխանցեց առաջնորդին, որ նախ անդրադարձաւ իր առաջնորդ ընտրութեան առաջին տարուան ամբողջ տեւողութեան ստեղծուած աշխատանքային հեւքոտ առօրեային, ապա շնորհաւորեց ներկաները՝ շինիչ ու եղբայրական մթնոլորտի մէջ բարձրամակարդակ նման ժողովի մը գումարման համար եւ իր աղօթքով եզրափակեց միօրեայ ժողովը:
ուսկ, տեղի ունեցաւ Թորգոմ եպիսկոպոսի առաջնորդ ընտրութեան Ա. տարեդարձին նուիրուած տօնախմբութիւն-ընթրիքը, հանդիսավարութեամբ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի: Տօնախմբութեան ընթացքին Ֆերահեան Ազգային վարժարանի երկու աշակերտուհիներ՝ Գառնի Պալեան եւ Ալիսիա Թիւֆէնքճեան, արտասանեցին Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» քերթուածը, մինչ Հայաստանի նուիրուած դասական երգերով հանդէս եկան Սուրէն սրկ. Հազարեան, ուրարակիր Յովհաննէս Պալեան եւ հռչակաւոր երաժիշտ Պերճ Քիրազեան, դաշնակի վրայ ընկերակցութեամբ դպրապետ Կոմիտաս Քէշիշեանի: Պարբերաբար եղան խօսք արտասանողներ, որոնք իրենց կարգին դրուատեցին առաջնորդին միամեայ գործունէութիւնը: Թորգոմ եպս.ը իր առաջնորդ ընտրութեան Ա. տարեդարձի կարկանդակը հատեց ներկաներու ծափողջոյններու տարափին տակ: «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութիւնը բեմէն առաջնորդեցին երեք թենորները, մինչ սրահէն անոնց միացան ներկաները՝ խանդավառութեամբ լեցուն երեկոն հասցնելով իր լրումին:
ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Ազգային երեսփոխանական Ժողովի 49րդ նստաշրջանի նախօրեակին, Հոկտեմբեր 28ին, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի հոգեւորականաց տարեկան միօրեայ համագումարը, նախագահութեամբ առաջնորդին եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն:
Գիշերային ժամերգութեան յաջորդեց սրբազան հօր հոգեւոր խորհրդածութիւնը, որուն բնաբանն էր Յովհաննէս Աւետարանի 2րդ գլխուն 17 համարին մէջ արձանագրուած՝ «Տանդ հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութիւնս զիս պիտի այրէ» խօսքը: Այս առիթով, առաջնորդը շեշտեց հոգեւոր հայրերու՝ եկեղեցւոյ ծիսական արարողութիւններու, հաւատացեալ ժողովուրդին եւ իրենց անձերուն նկատմամբ նախանձախնդիր մօտեցում ցուցաբերելու կարեւորութիւնը:
Համագումարը սկիզբ առաւ առաջնորդին բացման խօսքով, որուն մէջ ան նախ ողջունեց հոգեւոր հայրերը, շեշտեց կարեւորութիւնը այս համագումարին, ապա բոլորին մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք: Այնուհետեւ, համագումարը մէկ առ մէկ լուծեց օրակարգի կէտերը՝ առաջին հերթին ընտրելով իր դիւանը: Այսպէս, ատենապետներ ընտրուեցան Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Սմբատ վրդ. Սապունճեան, ատենադպիր՝ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան:
Համագումարին ընթացքին, հոգեւոր հայրերը հանգամանօրէն սերտեցին կիրակնօրեայ արարողութիւններու կարգը՝ ժամերգութիւններն ու Ս. պատարագը եւ լայնօրէն անդրադարձան ծիսական, արարողական եւ գործնական հարցերու, որոնք հովուական կեանքի մէջ մնայուն ներկայութիւն են:
Հոգեւոր հայրերը քննարկման նիւթ դարձուցին նաեւ ընթացիկ եւ վարչական հարցերը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տօները, ձեռնարկները եւ անոնց ժամանակացոյցերը: Յետ միտքերու փոխանակման, կատարուեցան առաջարկներ, առ ի քննարկում երեսփոխանական ժողովին: Օրակարգի վերջին կէտով հոգեւորական երեսփոխաններու կազմը ամբողջացաւ լրացուցիչ ընտրութեամբ:
ամագումարը վերջ գտաւ առաջնորդին եզրափակիչ խօսքով եւ աղօթքով: