Կիրակի, 7 Նոյեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք․ Տէրտէրեանի տնօրինումով, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Գարեգին Բ․ վեհափառի օծման եւ գահակալութեան 22րդ տարեդարձին առիթով: Առաջնորդին նախագահութեամբ՝ օրուան պատարագը մատուցանեց հիւրաբար թեմը այցելող Պարգեւ արք․ Մարտիրոսեան:
Յընթացս Սուրբ պատարագին, «Հրաշափառ» շարականին երգեցողութեամբ սկիզբ առաւ Հայրապետական մաղթանքի հանդիսաւոր արարողութիւնը, որմէ ետք առաջնորդը իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ ըսելով․ «Արդէն տարին բոլորած կ՛ըլլանք այս շաբաթամիջոցին եւ մենք գիտենք, որ հազարաւոր մեր երիտասարդներու նահատակութեան ծառայութեան ճանապարհին ցաւ մը մնաց մեր ժողովուրդի հոգիներուն եւ սիրտին մէջ։ Աղօթող պիտի մնանք, որ Աստուած փարատէ այդ ցաւը եւ նոր արշալոյսի յոյսը եւ լոյսը հաստատէ ի հայրենիս, յԱրցախ եւ սփիւռս ապրող ժողովրդի մեր զաւակաց կեանքին մէջ։ Այսօր մենք նաեւ կ՛ողջունենք, որ այս Սուրբ խորանին վրայ պատարագ կը մատուցանէ Արցախի թեմի նախկին առաջնորդ եւ մեր սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս՝ Պարգեւ արք․ Մատիրոսեան, որ այս շրջանի մեր թեմէն ներս կը գտնուի, որպէսզի Աստուծոյ կամօք ունենայ նաեւ բժշկական յատուկ խնամք՝ վերականգնելու համար իր առողջական բնականոն վիճակը»։
Այնուհետեւ առաջնորդը անդրադարձաւ Գարեգին Բ․ի անցնող 22 տարիներու եկեղեցանուէր ու ազգաշէն գործունէութեան։
Ապա, սրբազանը հրաւիրեց Պարգեւ արք․ Մարտիրոսեանը, որպէսզի օրուան պատգամը փոխանցէ հաւատացեալներուն։
Պատարագին աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, Արցախեան 44օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներու յիշատակին: